
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Վաճառականական բոլոր եզրերը տեղ մը կը միանան ու կը նոյնանան իրարու: Իր սեփական շահուն համար, ամէն մարդ ինքնաբերաբար վաճառական կը դառնայ: Շատ ծանօթ երեւոյթի մը մասին պարզ հաստատում մըն է ասիկա, որ մասնաւոր փորձառութեան չի՛ կարօտիր: Ամէն մարդ իր քսակէն կը սորվի, թէ ե՛րբ, որքանո՛վ եւ ինչպիսի՛ ունակութիւններով իբրեւ վաճառական պիտի ներկայանայ հանրութեան:
Մարդկային փոխյարաբերութեանց մասնագէտ հոգեբաններու վկայութեամբ, հարազատութեան, բարեկամութեան ու ընկերութեան փորձաքարը դրամն է, կամ՝ ընդհանուր խորագրով մը՝ նիւթական հարստութիւնը: Մարդիկ միշտ նիւթով կը փորձուին, որովհետեւ սեփական շահը առհասարակ կը գերադասեն ընդհանրական շահէն, որուն շրջագծին մէջ ըմբռնելի կը դառնան ընկերասիրութիւնը կամ ընդհանրապէս մարդասիրական օժանդակութիւնը:
«Ինչո՞ւ պիտի տամ», «ամէն մարդ ինք իրեն թող հոգայ», «Երբ ես կարիքաւոր էի, ո՞վ օգնեց ինծի» եւ նման արտայայտութիւններ բազմիցս կը լսուին, երբ ընդհանրական կոչ կայ օժանդակութեան, այս կամ այն համայնքին, այս կամ այն երկրին: Մարդ էակի չափազանց ինքնասիրութեան արտայայտութիւններ են վերոյիշեալները, որոնք որեւէ չափանիշով չեն արդարանար: Աշխարհի կլոր ըլլալուն գիւտը նոր պիտի չընենք՝ ըսելու համար, որ ամէն ինչ կարգով է. այսօր ուրիշին, իսկ վաղը՝ ինծի:
Բարոյական ամէնէն տխուր երեւոյթներէն մէկն է բարեգործութենէն խուսափումը, որ ինքնին մեղք մըն է, եթէ ոչ աններելի, բայց գէթ ձաղկելի: Վստահաբար դուք ալ նկատած էք փողոցին մէջ մուրացիկ աղքատը տեսնող, սակայն անոր գոյութիւնը կամովին չնշմարող մարդոց մայթէ-մայթ փախուստը, պարզապէս դոյզն օգնութիւն չցուցաբերելու համար անոր:
Պարտադրուած, ստիպողաբար կատարուած եւ կամ ի ցոյց մարդկան եղած բարեգործութիւնը եւս եթէ ո՛չ անտեղի, սակայն անիմաստ նուիրաբերում է՝ յաջս Աստուծոյ: Յիսուսի մտածողութեան մէջ բարեգործութեան մասին ակնարկութիւն կայ, որ ճիշդ հակառակն է վերոյիշեալ ձեւին: Ծածուկ բարեգործութիւնն է Աստուծոյ կողմէ սպասուածն ու գնահատելին եւ ոչ թէ հրապարակայինը, ցուցադրականը. մինչդեռ նոյն արարքին՝ բարեգործութեան այսօրուան հասկացութիւնը ճիշդ հակապատկերն է պահանջուածին: Երկնաւոր հօր ամենատես աչքի մասին ակնարկութիւն կայ այնտեղ, որ նոյնիսկ այսօրուան աշխարհին մէջ գրեթէ բոլոր անկիւններուն դրուած տեսախցիկներէն շատ աւելի «արդիական», այսինքն պատերէն անդին ալ տեսնող գերաչքի ու գերտեսողութեան կատարելութիւնը ունի: Աստուած սրտերը քննողն է նաեւ, այսինքն արարքը դեռ չկատարուած, անոր նպատակը իմացողը եւ մանաւանդ տուեալ արարքին դիտումը վերլուծողը, թէ արդեօք կամովին ու ամբողջական սրտո՞վ կը կատարուի այդ նուիրաբերումը…։
Քրիստոնէական բարոյականութեան կիրարկումը քաղցր, բայց դժուարին պարտաւորութիւն է, որ մեծ զոհողութիւն կ՛ենթադրէ: Յիսուսին հանդիպած մեծահարուստ երիտասարդը երբ իմացաւ թէ իր հարստութիւնը պէտք է բաշխէ աղքատներուն եւ հետեւի Անոր, դէմքը այլ ուղղութեամբ դարձուց ու շուտով հեռացաւ: Այդ երիտասարդին անունը չէ՛ յիշուած Աւետարանիչներուն կողմէ, ո՛չ ալ նշուած է թէ որքա՞ն հարստութեան տէր էր ան: Վստահաբար ինք ալ, իր հարստութիւնն ալ վերցուեցան այս աշխարհէն, նման այն վայրի խոտին, որուն տեղն անգամ յայտնի չըլլար չորնալէն ետք, տհամաձայն սաղմոսերգուին: Սակայն մեծահարուստ երիտասարդին կերպարով եւ մտածողութեան նոյն կաղապարով ձուլուած անհաշիւ մարդիկ կան աշխարհի վրայ, որոնք չեն անդրադառնար, որ նոյն ճակատագիրը իրենց ալ կը սպասէ ակնդէտ: Ուղղակի զարմանալի է ոմանց մօտ նշմարուած աննահանջ վազքը նիւթի ետեւէ, որ ցնփոր ու ծակաչք մարդոց կողմէ անյագօրէն կերակուր լափելու պահուան յիշեցումը կը կատարէ դիտողին:
Մարդասիրութիւն բառին ուղղակի հակառակը չէ, սակայն անոր հակապատկեր հոմանիշներուն գլխաւորներէն մէկն է շահամոլութիւն բառը, անձնասիրութեան հետ միասին: Ամէն տեղ, ամէն պաշտօնի ու ամէն դիրքի վրայ իրենց անձը տեսնող մարդիկ այնքան շատցեր են, որ անոնց կեղծ բազմատաղանդութիւնը սկսած է անհանգստութիւն պատճառել նոյնիսկ համբերատար մարդոց: Մարդ որքա՞ն կրնայ բազմաշնորհ ըլլալ, որ ամէն տեղի կամ պաշտօնի յարմարութիւն ունենայ: Սակայն անձնական շահու գերադասումը մարդս միշտ կը մղէ սոյն դաժան փորձութեան:
Վերոյիշեալ «բազմաշնորհ»ութեան զգացումը մարդ արարածին մէջ զօրացնող գլխաւոր ազդակներէն մէկն է շահամոլութիւնը, որ ամէն ինչ դէպի իրեն ձգող յատկութիւն ունի: «Ամէն ինչ ինծի համար»ի սկզբունքը աշխարհի մէջ անարդարութեան չարիքի գլխաւոր պատճառներէն մէկն է: Բոլոր մարդիկ հաւասարապէս նոյն հողայնական ճակատագրով էակներ են, սակայն անոնք իրարմէ կը զանազանուին ո՛չ միայն արտաքին տեսքով, իմացական կարողութեամբ, ընկերային կեանքի մէջ ունեցած պաշտօններով, գործի ասպարէզներով, այլ մանաւանդ իրենց նիւթական կարողութիւններով: Ամէնէն վերջաւորութեան դրինք նիւթական հարստութեամբ անոնց իրարմէ ունեցած տարբերութիւնը, որովհետեւ ընդհանրապէս ամէնէն կարեւոր տարբերութիւնը դարձած է ատիկա այսօրուան աշխարհին մէջ:
Կեանքին «կշիռք» մը ըլլալու պատկերը յաճախ օգտագործուած է տարբեր հեղինակներու կողմէ: Այդ կշիռքը յաճախ Ամենակարող Աստուծոյ ձեռքին մէջ ալ կը դրուի, ըսելով, որ Աստուած արդար Դատաւորն է, որ գիտէ հաւասարութիւն պահել իր բոլոր զաւակներուն միջեւ: Աստուածավախ մարդիկ այս յոյսով կը բոլորեն իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքը, վստահ ըլլալով, որ եթէ ոչ այս կեանքին, գէթ հանդերձեալին մէջ պիտի վայելեն Աստուծոյ արդարութիւնը, իրենց արդար վարձքը ստանալով Ամենակալէն: Սակայն մինչեւ արդար դատաստանի օրը, շահախնդիր ու շահամոլ մարդիկ քուն ու դադար չեն ունենար, իրենց կեանքի բոլոր փուլերուն շահագործելով ուրիշներու ստացուածքը, կողոպտելով ծանօթն ու անծանօթը, անհատականն ու ընդհանրականը, պարզապէս գոհացնելու համար իրենց անկուշտ աչքը, որ բնաւ չի՛ յագենար մինչեւ մտնեն գերեզմանին մութ փոսը:
Վաշխառուներուն ձեռքին մէջ եղած կշիռքը, ըստ ոմանց, դէպի անոնց գրպանը ուղղուած անտեսանելի խողովակ մը կ՛ունենայ: Սակայն սոյն առեւտուրին մէջ երեւցող բաժինը վաշխառուին ձեռքն է միայն, որ միշտ ծանր նժարին կողմը ըլլալով, աննշմարելի հպումներ կը կատարէ, վերջնական շահը իր ուղղութեամբ տանելու համար:
Երանի՜ մարդիկ կարդան Նոր Կտակարանը, փրկութեան աւետիսէն բացի ծանօթանալու համար մեծահարուստ անանուն երիտասարդին, որուն անուան տեղ հազարաւոր անուններ կարելի է դնել: Վաղամեռիկ երիտասարդի մը գերեզմանաքարին վրայ գրուած էր. «Ո՜վ երիտասարդ, հիմակուընէ ի մտի ունեցիր կեանքին կարճ ըլլալը»: Սակայն, բարոյական բոլոր դասերն ու օրինակները, «ձայն բարբառոյ յանապատի» կը մնան, մինչեւ հոգեկան ներքին ահանզանգի մը հնչումը, որ կը կատարուի միայն աստուածային միջամտութեամբ, մարդու խղճին տրուած մտրակի սթափեցուցիչ հարուածներով: