ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Առաւօտեան ժամերուն հայկական լրատուամիջոցները հաղորդած էին՝ «Ժամն է զգօն ըլլալու», «Ազգային միասնականութեան ժամն է», «Ճգնաժամային վիճակ»: Իսկ այժմ, վերջացաւ աշխատանքի ժամը, անցաւ ճաշի ժամը ու գիշերային այս ժամերուն, որոնք խաղաղութիւն կը խոստանան, կը վայելէք հանգիստի ժամը, որմէ ետք պէտք է գայ՝ ժամ երազի: Իսկ ի՞նչ է ժամը: Օրուան մէկ քսանչորրո՞րդը, ընդամէնը վաթսուն վայրկեաննոց տեւողութի՞ւն մը։ Զուտ հանրագիտարանային գիտելիք: Անոնք չեն կրնար նկարագրել սակայն ժամուան խորհուրդը, կամ անոր մէջ կուտակուած ապրումներու խորութիւնը: Ժամը, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, մերթ ամենակարճ պահն է կեանքի, մերթ ալ` յաւիտենականութիւն: Յարգելի ընթերցող, երբ օրերը կը սահին ժամ առ ժամ, եկէք այս ժամը տրամադրենք «ժամ» բառին, քանզի արժանի է ան: Չ՞է որ վաղը ան մեզի կրկին պիտի ներկայանայ որպէս «թէյի ժամ», «սուրճի ժամ» կամ՝ «ժամ սիրոյ»:
«Ժամ» բառը հայկական կառուցուածք է, թիւրիմացութեան մը արդիւնքը: «Ժաման» բառին մէջ մեր հիները կարծեցին, թէ «ան» մասնիկ է ու «ժամ»ը դարձաւ արմատ: Այնուհետեւ, քանի մը ժամը բաւեց, որ հայը «ժամ» միավանկով կազմէ հարիւրաւոր բաղադրեալ բառեր: Մեր բառարանները կը վկայեն «ժամ»ով սկսող 180 բառ: Չեմ ուզեր բոլորը յիշել ու ձեզ ժամավաճառ ընել: Այդ հարուստ հաւաքածոյին վրայ դուք աւելցուցէք նաեւ՝ «ճգնաժամ», «տարաժամ», «վաղաժամ»…
Մեր հիները, ի՞նչ երեւակայութիւն եւ սրամտութիւն, չթուարկեցին օրուան ժամերը, այլ՝ անուանեցին զանոնք՝ իւրաքանչիւր ժամուն տալով պատկերալից կոչում մը: Անոնք հայկական լեզուամշակոյթի 24 փայլատակումներ են, ուստի բոլորը պէտք է յիշել: Գիշերային ժամերն էին՝ Խաւարականն, Աղջամուղջն, Մթացեալն, Շաղաւոտն, Կամաւօտն, Բաւականն, Հաւթափեալն, Գիզկան, Լուսաճեմն, Առաւօտն, Լուսափայլն, Փայլածումն: Ցերեկային ժամերն էին՝ Այգն, Ծայգն, Զօրացեալն, Ճառագայթեալն, Շառաւիղեալն, Երկրատեսն, Շանթակալն, Հրակաթն, Հուրթափեալն, Թաղանթեալն, Առաւարն, Արփողն: Դուք տեսա՞ք, թէ այդ բառերու շարահիւսութեան ընթացքին արեգակը եւ լուսինը ինչպէ՛ս սահեցան երկնակամարի վրայ, տօթն ու հուրը, արեւու ճառագայթները ինչպէ՛ս իջան երկիր ու լոյսի խաղեր կատարեցին:
Ժամ բառը հարուստ է նաեւ իմաստի իր զարգացումով: Բացի իր առաջին իմաստէն, ան նաեւ կը նշանակէ որեւէ բանի ժամանակը, «Սուրճն ալ իր ժամը ունի», կամ ժամկէտը, «Համբերելու ժամը անցեր է արդէն»: «Ժամ»ը նաեւ եկեղեցի եւ պատարագ է: Ահա թէ ինչու մեր հիները ունէին «խորան ժամու» եւ «վրան ժամու» արտայայտութիւնները ու Յովհաննէս Թումանեանը ըսաւ. «Իմ կնունքին երկինքը՝ ժամ, արեւը՝ ջահ սրբազան, / Ծիածանը նարօտ եղաւ, ամէնքի սէրն` աւազան»: Իսկ հայկական եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստի եւ Մեռելոց Պատարագի ժամանակ հնչեց հոգեպարար հետեւեալ մեղեդին. «Յորժամ մտցես ի սուրբ խորանն, / Անդ յիշեսցես զմեր ննջեցեալսն»:
Դուք կ՛ուզէ՞ք վայրկեան մը մեր նախնիներու լեզուն ճաշակել: Ի՞նչ քաղցր արտայայտութիւններ են` «Աստեղական ժամ», «Քանի՞ են ժամք», «Ժամ է երկրորդ», «Ի վեցերորդ ժամու առաւօտուն», «Ժամ ճաշոյ է», «Ի ժամս պարապոյ իմոյ, ի ժամս զբօսանց» (ազատ, պարապ ժամերուս)… Ծննդաբերութեան ժամը «Հասանել ժամու կնոջ» էր, իսկ մահուան ժամը՝ «Յետին ժամ»: Այսօր ալ ունինք պատկերալից եւ զուարճալի արտայայտութիւններ. «Ժամի կնիկ»՝ անհանդարտ, հրող-հրմշտկող, հարեւանին անհանգիստ ընող, «Ժամերը հաշուել»՝ սպասել, «Ժամ առա»ջ՝ շուտ, աւելի շուտ, «Ժամ ընել` ըսել»` եկեղեցական արարողութիւն կատարել, «Ժամը զարնել»՝ պահը հասնիլ, հանդիսաւոր գործի ժամանակը գալ:
Հայկական «ժամ»ը ճամբորդեց դէպի հիւսիս: Վրացիներու ժամը, ժամանցը եւ ժամանակը՝ «ժամ»ջ է, ժամացոյցը՝ «սաժամօ», պատարագի արարողութիւնը՝ «ժամիս-ծարվա», իսկ երգարան-շարականը՝ «ժամն-գուլանի»: Սղերդի արաբախօս քրիստոնեաներու համար պատարագը «ժամ» է, Էնկիւրիի թրքախօս հայերու համար եկեղեցին՝ «ժամ»: Էնկիւրիի այդ թրքախօս հայերու, ինչպէս նաեւ թուրքերու եւ յոյներու համար շատ կենսական էր նաեւ «աքշամ ժամը» կոչուածը, (գիշերային ժամ), այսինքն՝ «իրիկուան մօտ խմելը»: Մեր գաւառներուն մէջ ալ «ժամ»ը ունէր իր ուրոյն հնչիւնը: Ակնայ մէջ՝ ժում, ժիւմ, Գորիսի եւ Արցախի մէջ՝ ժէմ, իսկ «եկեղեց»ջ իմաստով՝ Համշէնի մէջ՝ «ժօմ», Հաճընի եւ Զէյթունի մէջ՝ «իժօմ»:
Միջնադարուն «ժամ» բառը ունէր հոգեւոր իմաստ: Գրիգոր Նարեկացին ուզեց զԱստուած նկարագրել ու գործածեց «անժամանակ» ածականը: Սուրբի Մատեանին մէջ կան նաեւ ընտիր այտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Ժամ յուսահատութեան», «Ժամ պտղաւոր», «Անզգոյշ ժամ», «Ժամ բարեպատեհ»: Ներսէս Շնորհալին նկարագրեց մանուկ Քրիստոսի Ծնունդը, այսպէս. «Ի ժամ ծննդեան քո / Հրեշտակք ցնծացին»: Ապա եկան աշխարհիկ երգիչներ, աշուղ եւ տաղասաց էին անոնք, ու «ժամ» բառով գովերգեցին կեանքը եւ անոր շնորհները:
Նահապետ Քուչակը, որ Նարեկացիին նման վանեցի էր ու կը դիտէր նոյն ծովը եւ լեռնագագաթները, փոխանակ նայելու դէպի երկինք՝ յառեցաւ երկիր ու գտաւ հողածին գեղեցկուհի մը: Քուչակի համար ժամը եւ ժամտունը եարի ծոցն էր, ուր կ՛արժէր ժամկոչ ըլլալ կամ ժամ ընել. «Քո ծոցդ է ճերմակ տաճար, / քո ծծերդ է կանթեղ կի վառ. / Երթամ ես, ժամկոչ ըլլամ, / գամ, լինիմ տաճարիդ լուսարար», «Ծոցիկն եմ ժամտուն արել, ծծերուն եմ խոստովաներ»: Սիմէոն Կաֆացին գովերգեց սիրոյ եւ ուրախութեան ժամը. «Սիրով ուրախութեան ժամ է, գիտացիր, / Ճեմելով, ճեմելով եկ, ինձ մօտեցիր»: Պետրոս Ղափանցիի համար եարէն հեռու անցած ամէն ժամ մահ էր. «Հառաչեմ ժամ առ ժամ, ցաւօք ծանրանամ, / Թէ տեսից զվարդս իմ՝ փո՛յթ առողջանամ»: Յովհաննէս անուն տաղասացը, որուն եարը «սիրուն, ցանկալի ու գեղեցիկ հողեղէն» էր, ունէր «Ողորմած աչեր քաղցրագոյն» ու կը նայէր «մեղմագոյն», փափաքեցաւ գարնան պարտէզի մէջ առանձնանալ անոր հետ. «Ժամ է նստել մէջ այգուն / Եւ լսել զքաղցր երգ պիւլպիւլոյն»:
Նոյն թուականներուն, նկատի ունիմ 1600ականները, կը զարգանար նաեւ հայկական տպագրութիւնը: «Ժամ» բառն ալ կը ներկայանար որպէս ամենայաճախ օգտագործուող բառ: Հայկական գրատպութեան ամենաշատ գործածուած խորագիրը «Ժամագիրք» է:
Ապա, Հայաստան աշխարհին պատահեցան նեղ ու ալեկոծ ժամեր: 1905 թուականին Աւետիք Իսահակեանը եւ Գուսան Շերամը գրեցին երկրի վիճակը նկարագրող երկու քերթուած՝ «Հասել է ժամը» եւ «Ժամն է հասել»: Այդ գործերու բառերն իսկ նոյնանման էին, կը խօսէին սեւ ստրկութեան, բռնակալներու եւ արիւն քամողներու մասին: 1909ին հարկադրուեցանք երգել մէկ այլ ողբերգութիւն՝ «Ատանայի ողբը»։ «Ժամեր ու դպրոցք բոցի մէջ կորան»: Իսկ Մատթէոս Զարիֆեանը, որ վարժ էր քնարական մելամաղձոտ քերթուածներ գրելու, բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ուրուականներ, որոնք կը խնդային վհուկի պէս, օր մը յանկարծ հայ տոհմի հազարամեայ, հաստաբազուկ ծառը կտրեցին կացիններով. «Այդ մարդերուն / Քանի մը ժամը բաւեց / Զայն խլելու իր հոգնաբեկ բազուկներէն»:
Բայց եղան գրիչներ, որոնք չյուսահատեցան ու շարունակեցին երգել սիրոյ ժամը: Այդ ժամը յաւիտենական էր, անրջային ու անսահման: Ահա Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի քնարը. «Մազերդ գլխիս իմ հովանեակ, / Ու լուռ, մնջիկ սահին ժամեր», «Ի՜նչ գեղեցիկ փափուկ ժամ էր, / Երբ առաջին անգամ տեսայ / Իմ սիրելւոյս անուշ պատկեր / Ցօղատարափ դաշտին վրայ»: Գիշերային խաղաղութեան մէջ Վահան Թէքէեանը վերստին կ՛ապրէր իր հին ու քաղցր ժամերը. «Ետ կը դառնան մի առ մի մեր հին ժամերն անկորուստ»: Իսկ Վահան Տէրեանը, երբ իր սիրածին հետ էր, կամ առանձինն կը քալէր տրտում՝ կ՛անհետանար ժամը ու ժամանակը. «Գիշերում այս դիւթական… Չկայ ժամ ու ժամանակ», «Ես գնում եմ տրտում-մենակ, / Անժամանակ / Ծաղկից ընկած թերթի նման», «Յիշո՞ւմ ես դու այն արագ / Ժամերը, երբ ես ու դու / Նստում էինք անկրակ»: «Ժամ» բառը սէր էր նաեւ երգերու մէջ. «Գեղեցկանում ես ժամէ-ժամ, Նոր Երեւան», «Ա՜խ, ի՜նչ հեշտ են սարի վրայ / Սահում ժամերն անո՜յշ, անո՜յշ»:
Ամէն պատմութիւն ունի իր վախճանը, նոյնիսկ՝ հայկական ժամը, նկատի ունիմ Կիրակնօրեայ պատարագը, որ կ՛աւարտի հետեւեալ խօսքերով. «Օրհնեցից զտէր յամենայն ժամ, յամենայն ժամ օրհնութիւն նորա ՛ի բերան իմ»: Վաղը առաւօտ լրատուամիջոցները պիտի ողողուին առողջապահական, քաղաքական եւ տնտեսական «ճգնաժամ»երով: Միակ միջո՞ցը զանոնք յաղթահարելու… սուրճի կամ թէյի ժամ մը խաղաղ: