
Արցախի հայութիւնը տեղահանելու եւ Արցախը իր հայ բնակչութենէն պարպելու լաւապէս հաշուարկուած ծրագիրով մը, տարի մը առաջ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա յարձակում գործեցին Արցախի վրայ, պատճառ դառնալով հազարաւոր զինուորներու եւ քաղաքացիներու սպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ տասնեակ հազարաւորներու՝ իրենց պապենական տուներէն տեղահանման:
Առանց որեւէ դրդապատճառի կատարուած յարձակումը շարունակուեցաւ 44 օր, մինչ միջազգային համայնքը, ներառեալ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան (Արցախեան հակամարտութեան լուծում գտնելու միջնորդութիւնը ստանձնած՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի երեք համանախագահներէն երկուքը) ձեռնածալ նստած՝ ականատեսները եղան Արցախի եւ անոր բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կատարած վայրագութիւններուն: Իսկ Ռուսիա՝ իբրեւ երրորդ համանախագահող երկիր եւ Հայաստանի «ռազմավարական դաշնակից» ՝ պարզապէս մերժեց հասնիլ Հայաստանի օգնութեան, հակառակ պատերազմին ընթացքին եւ անոր աւարտէն ետք Հայաստանի կառավարութեան բազմաթիւ դիմումներուն:
Պատերազմը բացայայտ դարձուց երկիրը հզօրացնելու եւ անոր կարողութիւնները զարգացնելու փոխարէն՝ իրենք իրենց հարստացնելու ընտրութիւնը կատարած Հայաստանի յաջորդական ղեկավարներու սխալ հաշուարկները, անոնց անօրէն արարքները եւ անգործութիւնը անցնող 30 տարիներուն: Անոնց կառավարման պատճառով տեղի ունեցած արտագաղթը եւ երկիրը իր բնակչութենէն պարպելու ընթացքը տկարացուցին եւ թշնամիին դէմ դնելու անընդունակ դարձուցին բանակը:
9 Նոյեմբերի յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք կոչ ըրինք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ հրաժարի: Անոր պատասխանտուութեան ժամանակաշրջանին էր որ Հայաստան, Արցախ եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը կրեցին խայտառակ պարտութիւն: Հետեւաբար, ազգային նոր համաձայնութեան կառավարութիւն մը անհրաժեշտ էր երկիրը պարտուողական տրամադրութենէն դուրս բերելու համար:
Փոխանակ յետ-պատերազմեան բարդութիւնները (ներառեալ դժուար համարուող սահմանագծումը եւ սահմաններու ապառազմականացումը), ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մը միջոցաւ դիմակայելու՝ Փաշինեան կը շարունակէ դէմ դնել՝ Հայաստանի ապահովութեան, սահմանային շրջաններու եւ դիրքերու վերաբերող հարցերը բանակցութիւններու սեղանին վրայ մաշեցնելու գնով:
Շուրջ հինգ ամիսէ ի վեր Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը դիրքեր գրաւած են Հայաստանի գերիշխան տարածքներու վրայ, մինչ Պաքու եւ Անգարա աշխուժօրէն կ՛աշխատին՝ հզօրացնելու իրենց զինուորական եւ տնտեսական կարողութիւնները:
Այս է պատճառը, որ Թուրքիոյ՝ պատերազմին լիրբ եւ քանդիչ մասնակցութենէն մէկ տարի ետք, «առանց նախապայմաններու» Անագարայի հետ բնականոն յարաբերութիւններ սկսելու՝ Փաշինեանի միտումը յղի է վտանգներով: Օրին, բուռն կերպով դէմ կեցանք 2009ի Փրոթոքոլներուն ոչ այն պատճառով, որ դէմ ենք դրացի երկիրներու հետ խաղաղ յարաբերութիւններուն: Դէմ ենք, սակայն, այն պայմաներուն, զորս Թուրքիա կը պարտադրէ մեզի, իսկ ներկայի իրավիճակը շատ տարբեր չէ: Իրականութեան մէջ, այս անգամ Թուրքիա ոչ միայն պայմաններ դրած է Հայաստանի հետ խաղաղ յարաբերութիւններուն համար, այլ իրողապէս զանոնք կը պարտադրէ մեզի՝ պատերազմի եւ թշնամութեան միջոցներով: Ներկայիս, նշաձողերը շատ աւելի բարձր են քան 2009ին, իսկ Հայաստանի ապահովութեան դէմ սպառնալիքը շատ աւելի իրական է եւ բացայայտ:
44 օրեայ պատերազմէն ետք, Թուրքիա նախաձնախնդիր է աշխարհին ցոյց տալու, որ ինք չէ յարձակողը այնպէս, ինչպէս բոլորը կ՛ընկալեն: Միւս կողմէ, Հայաստան պէտք է միայն բանակցի ուժի դիրքերէն եւ ոչ թէ ատրճանակը գլխուն ունենալու վիճակին մէջ: Երկխօսութիւն՝ այո: Անձնատուութիւն՝ ոչ:
Հայաստանի քաղաքական ուժերը (խորհրդարանին մէջ կամ դուրսը) պէտք է գործակցին՝ երաշխաւորելու համար, որ առնուելիք քայլերը Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն ծառայեն:
Այս տարելիցի նշումին առիթով, մեր գլուխները կը խոնարհենք մեր ազգի պաշտպանութեան համար հերոսաբար նահատակուած բոլոր զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն առաջ: Կը յուսանք նաեւ, որ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ, կրկին անգամ, պատերազմին մեր կորսնցուցածներուն վերատիրանալու կռիւին մէջ ազգը ի մի բերող միասնականութիւնը եւ միասնական ոգին ըլլան գերիշխողը: