
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փոթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խոռհուրդի անդամ Արտի Քասախեան, Հիլտա Աւանէսեան եւ Լիլիթ Պաղտասարեան, բացման արարղութեան ընթացքին
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 11 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած պաշտօնական բացումէն ի վեր, Կլենտէյլի Հանրային Կեդրոնական գրադարանին դիմացը գտնուող պարտէզին մէջ սկսած է գործել «Արցախի Պարտէզներ» կիրակնօրեայ շուկան, քաջալերելու համար հայկական արտադրութիւններու վաճառքը:
Նախաձեռնութեան համահիմնադիրները` Լիլիթ Պաղտասարեան եւ Հիլտա Աւանէսեան, ի մի բերած են մօտաւորապէս 30 վաճարորդներ, որոնք իրենց վաճառքէն գոյացած շահին մէկ մասը կը տրամադրեն Հայաստանին օժանդակող բարեսիրական նպատակներու:
Շուկան բաց է ամէն Կիրակի, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2, իսկ հասցէն է` 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205-1017:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել կայքէջը, կամ դիմել (818) 823-5863 թիւին: