ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ կը ծրագրուի յառաջիկային այցելել Ատրպէյճան եւ Հայաստան, ու յոյս ունի, որ դրական դեր պիտի խաղայ դրացի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելուն մէջ: Այս մասին հաղորդեց «ԹԱՍՍ»ը:
«Վաղը պիտի ուղղուիմ Պաքու: Հանդիպում պիտի ունենամ նախագահ Ալիեւի հետ, զոր շատ կը յարգեմ: Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք: Ամէնէն գլխաւորը` մենք իրարու կը վստահինք: Երբ վստահութիւն կայ երկիրներու եւ ղեկավարներու միջեւ, կը կարծեմ՝ բոլոր հարցերը կը լուծուին պէտք եղած ձեւով», ըսաւ ան:
«Ես նոյնպիսի յարաբերութիւններ ունիմ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ քանի մը շաբաթ առաջ Թիֆլիս կը գտնուէր: Կը ծրագրեմ յառաջիկային այցելել Հայաստան: Կը կարծեմ, թէ պիտի կարենամ ամբողջ ներուժս ներդրել յարաբերութիւններու (Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ) կարգաւորման համար եւ դրական դեր խաղալ», յայտնեց Վրաստանի վարչապետը:
«ԹԱՍՍ»ը կը յիշեցնէ, որ Ղարիպաշվիլի ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 76րդ նստաշրջանին համաշխարհային առաջնորդներուն առաջարկեց «Հարեւանութեան խաղաղ նախաձեռնութիւն»` Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար: Աւելի ուշ կառավարութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ Վրաստան հանդէս կու գայ Թիֆլիսի մէջ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու բարձր մակարդակով կապերուն համար հարթակ ստեղծելու նախաձեռնութեամբ: