ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգները պատրաստ է դիւանագիտական ջանքեր տանելու՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի։
Ըստ անոր՝ կողմերը պէտք է այս առումով պատրաստակամ ըլլան, սակայն ներկայ դրութեամբ վիճակը յստակ չէ: