ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը Մինսքի խումբի համանախագահներուն՝ Հայաստան եւ Արցախ ակնկալուող այցելութեան մասին զրուցեց ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Գէորգի Պետրոսեանի հետ, որ դիտել տուաւ, թէ յայտնի հանգամանքներուն բերումով` աւելի քան մէկամեայ բացակայութենէ ետք ողջունելի է, որ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը վերջապէս Արցախ այցելելու վերաբերեալ որոշում տուած է: «Նախ կարեւոր է, թէ ի՛նչ երթուղով են համանախագահները ժամանելու մայրաքաղաք Ստեփանակերտ», յայտնեց ան։
Թղթակիցը դիտել տուաւ, որ 24 Սեպտեմբերի յայտարարութեան մէջ համանախագահները «վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` շարունակել աշխատանքը կողմերուն հետ` գտնելու արցախեան հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր մնացեալ հարցերու համապարփակ լուծումներ` համաձայն իրենց առաքելութեան»՝ հարցնելով, թէ ի՛նչ կը նշանակէ վերջին ձեւակերպումը:
«Նախ` մենք արձանագրում ենք, որ, ըստ համանախագհների, Արցախի հիմնահարցը դեռեւս կարգաւորուած չէ` հակառակ անցած տարուայ պատերազմի արդիւնքին: Դրական է, որ համանախագահութիւնը փորձում է հակամարտութեան կարգաւորման համար համապարփակ լուծումներ փնտռել: Բայց հարց է առաջանում, թէ որո՞նք են, այսպէս կոչուած, «մնացեալ խնդիրները»: Բանն այն է, որ Հայաստան-Ադրբեջան յարաբերութիւններում առկայ խնդիրները միայն չեն սկսւում եւ աւարտւում Արցախեան հիմնախնդրով: Արցախեան հիմնախնդիրն էլ, որպէս այդպիսին, բխում է հայութեան նկատմամբ Ադրբեջանի եւ Թուրքիայի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնից եւ այդ քաղաքականութեան դրսեւորումներից մէկն է: Պէտք է նաեւ հասկանալ, թէ այդպիսի մօտեցման շրջանակներում համանախագահութիւնը արդեօք գործուն քայլեր ձեռնարկելու է ագրեսիայի արդիւնքները վերացնելու համար, այդ թւում` Արցախում եւ Արցախից տեղահանուած անձանց իրաւունքների պաշտպանութեան առումով», պատասխանեց Պետրոսեան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կարելի է ակնկալել համանախագահներու յառաջիկայ այցելութենէն՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց. «Անկախ այցի անմիջական արդիւնքից` արցախեան հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորման արդիւնքում յարգուելու եւ իրացուելու են Արցախի` ի վերուստ սահմանուած անառարկելի իրաւունքները»:
Arsakh question will be settled only when North South international
transit Highway is approved against 3 collaborators defeat, to give
Meghri town in Sunik region. Iranian Forces are ready to enter
Armenia to stop ANY BORDER CHANGE AS VITAL TO BE SURRENDERED
BY TURKEY AND AZERBAIJAN ONLY! ARMENIA ALWAYS FRIENDLY
NEIGHBOR CONSIST IRAN’S PRIORITY. INTERNATIONAL WAR COULD
START IN CASE OF BORDER DISLOCATION !