ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Դատախազութիւնը չհերքեց պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հաւանական ձերբակալութեան եւ անոր տան մէջ կատարուող խուզարկութեան վերաբերող լուրը:
Ըստ մամուլին մէջ շրջան ընող տեղեկութիւններուն՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ քննուող` զէնքի մատակարարման վերաբերեալ քրէական գործի ծիրին մէջ, Դաւիթ Տօնոյեանի տունը խուզարկութիւն կը կատարուի եւ հաւանական է, որ ան ձերբակալուի: Կը խուզարկուին նաեւ ռազմական օդուժի նախկին պետ Աւետիք Մուրադեանի, Ընդհանուր փոխհրամանատար Ստեփան Գալստեանի բնակարանները: