Շաբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2021ի օրը խանդավառ եւ տօնական էր Փասատինայի մէջ: Այդ օր իր դռները 55րդ անգամ բացաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը:
Վերամուտի հաւաքոյթը սկսաւ տնօրէն Նորայր Տատուրեանի բարի գալուստի խօսքով: Ան շեշտեց 2021-22 տարեշրջանին համար ծրագրուած հանդէսի եւ միջոցառումներու ճոխութիւնը ու ըսաւ, թէ հայապահպանման լաւագոյն ճամբան ազգային ինքնութեան ճանաչումն է եւ այդ նպատակով վարժարանը լայն տեղ կը տրամադրէ իր սաներուն ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւն տալու ջանքերուն: Ապա ան ներկայացուց ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ դպրոցին համար ջանադրաբար աշխատող նախկին սաներու կամաւորական կազմը:
Եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթին ընթացքին նաեւ խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան: Ան շնորհաւորեց ծնողները եւ աշակերտները՝ ըսելով, թէ անոնք հայեցի դաստիարակութիւնը կը գերադասեն ու հաւատքով կը փութան հայկական վարժարան: Կատարուեցաւ դպրոցական նոր տարեշրջանի յաջողութեան համար Տէրունական աղօթք, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քայլերգի կատարում:
Աշակերտները ապա ծնողներու եւ հիւրերու ծափահարութեամբ խումբ առ խումբ դասարանները ուղղուեցաւ, ստանալու համար միտքի լոյս եւ գիտութիւն:
Իսկ Շաբաթ, 25 Սեպտեմբերին, շաբաթօրեայ վարժարանի սաները ջերմ եւ ներշնչող յայտագիրով մը տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 30ամեակը:
Յայտագիրը, որ ունէր նաեւ դաստիարակչական բնոյթ, սկսաւ Հայաստանի վերանկախացման ճանապարհը եւ Հայկական պետական նշանները ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութեամբ: Փոքրիկ աշակերնտերը հիացումով եւ հպարտութեամբ դիտեցին եռագոյնի, զինանշանի, խորհրդարանի, մայրաքաղաքի լուսանկարները ու պարզ տեղեկութիւններ ստացան անոնց մասին:
Ապա հանդէս եկան Պլեր երկրորդական վարժարանի Հայկական Ճեմարանէն հիւր աշակերտուհիներ, որոնք հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ արտասանեցին շաբաթօրեայ վարժարանի փոքրիկներուն համար: Հայկական Ճեմարանի պարախումբի անդամ այդ աշակերտուհիները Արա Գէորգեանի երաժշտութեան, ինչպէս նաեւ խանդավառ ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ ներկայացուցին Անկախութեան նուիրուած հայրենաշունչ պար մը: Անոնք Շաբաթօրեայ վարժարանի մանուկներուն ներշնչում տուին, որ անոնք ալ շուտով մասնակցին հայկական պարախումբին: Ապա բոլոր աշակերտները եւ ծնողները մասնակցեցան միասնութեան շուրջպարին:
Անոր հետեւեցան Տէրունական աղօթքի եւ վերանկախացած Հայաստանի պետական քայլերգի միաբերան եւ բարձրահունչ կատարումները:
Յայտագիրը ունէր քաղցր աւարտ. աշակերտները «Տօնդ Շնորհաւոր» երգելով կտրեցին Անկախութեան կարկանդակ մը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դաստիարակութիւն կու տայ 4-12 տարեկան հայորդիներուն: Դպրոցի ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հայկական ասմունքը, երգը եւ պարը: Այս տարի դպրոցը ունի նաեւ երգի յատուկ ուսուցչուհի եւ դասաժամ: Արձանագրութեան համար հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ. (626) 449-1523:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)