Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբերին, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետին՝ բժիշկ Րաֆֆի Պալեանի, այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ տեսակցեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ: Առաջնորդ սրբազան հօր կողքին հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ գանձապահ դոկտ. Գալուստ Յակոբեան:
Զրոյցին ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց ՌԱԿի գործունէութիւնը հայութեան կեանքին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն:
ՌԱԿի ներկայացուցիչները իրենց կարգին շնորհաւորեցին սրբազան հօր առաջնորդ ընտրութիւնը եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Ազգային առաջնորդարանի հետ սերտօրէն գործակցելու, յատկապէս Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան համար նոր ծրագիրներու մշակման եւ անոնց իրագործման աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերելու առումով: