ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- 3 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Մոնթրէալի նախկին քաղաքապետ եւ Մոնթրէալի յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցող «Միասին Մոնթրէալ» խմբակցութեան ղեկավար Տէնի Քոտէր յայտարարեց իր խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած կարգ մը թեկնածուներու անունները, որոնց մէջ է նաեւ մոնթրէալահայ Վանա Նազարեան։
6-7 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն Վանա Նազարեանը առաջադրուած է Սէն Լորան ընտրատարածքի Քոթ Տէ Լիէս շրջանի քաղաքապետակական թեկնածու։
Նահանգային եւ քաղաքապետական առաւել քան տասը տարուան իր փորձառութեամբ՝ Վանա Նազարեան քաղաքապետական մարզին մէջ ծառայած է իբրեւ Ահունցիք Քարթիէվիլի քաղաքապետութեան խորհրդական, իսկ նահանգային գետնի վրայ՝ իբրեւ քաղաքական խորհրդական ծառայած է Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի անդամ Մարուա Ռիզքիի գրասենեակին մէջ։
Արուեստի պատմութեան մագիստրոսին տիրացած Վանան Մոնթրէալի հայ համայնքի գործօն անդամներէն է. ան անդամակցած է ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարած է «Հորիզոն»ի խմբագրութեան վարչական բաժանմունքին մէջ։