ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան պատրիարքին՝ անոր ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն պատմական յարաբերութիւններուն, զանազան գաղութներու մէջ երկու եկեղեցիները դիմագրաւող դժուարութիւիւններուն, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու հրամայականին վերաբերող հարցեր։
Այս առիթով, յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ Վատիկանի մէջ ամիսներ առաջ տեղի ունեցած հոգեւոր պետերու հանդիպման։
Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղան պատրիարքին։
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։