ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ներկայացուցիչներ Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութենէն, ֆրանսական քաղաքապետութիւններէ եւ Լիբանանի Միացեալ քաղաքներու ու պետական տեղական կազմակերպութիւններէ, 22 Սեպտեմբերին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը՝ քննարկելու համար գործադրութեան քայլերը «Լիբանանի հետ համերաշխութեան ֆոնտ» խորագրեալ ծրագիրին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան քաղաքապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ խիստ կարիքներու մէջ եղող ընտանիքներու:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վալերի Տըմոնթէ` ծրագիրի նախագահ եւ Ուուտ շրջանի փոխնահանգապետ, Սիմոն Ճիովիթի` Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, Քամիլ Պոկօ` ֆրանսական դեսպանատան եւ ֆրանսական բարգաւաճման գործակալութեան ներկայացուցիչ, դոկտ. Պեշիր Ազէյմի` լիբանանեան քաղաքապետութիւններու արհեստագիտական-թեքնիք գրասենեակի տնօրէն եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, դոկտ. Սինթիա Ազզամ ` նշեալ գրասենեակին մօտ ծրագիրին պատասխանատու եւ դոկտ. Հայիմ Քաայէ` կարիքներու ուսումնասիրութեան պատասխանատու:
Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունեց ֆրանսական այս նախաձեռնութիւնը եւ անոր լոյսին տակ Լիբանան գտնուող պատուիրակութիւնը: Ան թուեց այն բազմաթիւ տագնապները, որոնք ծագեցան վերջին շրջանին եւ պատճառ դարձան, որ այս կացութեան մէջ յայտնուի Լիբանանի ժողովուրդը եւ նոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուի: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը թուեց նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք կը խոչընդոտեն վարչական, յատկապէս` քաղաքապետութիւններու գրասենեակներու հեզասահ գործունէութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով եկամուտի աղբիւրներու սակաւութիւնը եւ լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը: Ան յայտնեց, թէ նշեալ ծրագիրի թափանցիկ եւ արդար ձեւով իրագործումը, գործակցաբար նուիրատու բարերարներու, տեղական իշխանութիւններու եւ քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ` կրնայ վերահաստատել քաղաքացիներու եւ պաշտօնական կառավարման միջեւ քայքայուած վստահութիւնը:
Պօղոսեան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական այս նախաձեռնութեան համար եւ իր խօսքը եզրափակեց` ընդգծելով դժուարութիւնները յաղթահարելու իր վճռակամութիւնը:
Իր կարգին, Վալերի Տըմոնթէ հաստատեց, որ այս ծրագիրը 4 Օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի վաղորդայնին ֆրանսական կարգ մը քաղաքապետութիւններու նախաձեռնութիւնն է` օգնելու համար ծանրօրէն վնասուած շրջաններու բնակչութեան եւ անոնց վարչական մարմիններուն:
Սիմոն Ճիովիթի շեշտեց տեղական ինքնակառավարման մարմիններու դերը տագնապներու դիմակալման ու յաղթահարման գծով:
Դոկտ. Քաայէ նշեց իր պատրաստած ուսումնասիրութեան արդիւնքները` տագնապահար շրջաններու կարիքներու դասաւորման եւ ներկայացուց անոնց ընդառաջելու այն քայլերը եւ միջոցները, որոնք պիտի որդեգրուին պատկան մարմիններու եւ տեղական իշխանութիւններու հետ գործակցաբար: