– Անջրպետ ուղարկուած արբանեակներու երթեւեկին պատճարով, գիշերները երկինքը բնականէն մօտաւորապէս 10 տոկոսով աւելի լուսաւոր դարձած է:
– 1953էն ի վեր, 74 տոկոսով աճած են կրօնական ազատութիւններու ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանի վճիռնեու թիւը:
– Աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 90 տոկոսը մէկ տարուան ընթացքին օդանաւային ճամբորդութիւն չի կատարեր:
– 1969ին, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեան կողմէ հաւաքուած եկամուտի տուրքին 22 տոկոսը վճարած էին հսկայ ընկերութիւնները: 2019ին այդ համեմատութիւնը 8 տոկոսի իջած է, իսկ 500 մեծագոյն ընկերութիւններէն 40ը ոչ մէկ սենթ վճարած են:
– Ամերիկացիներուն միայն մէկ երրորդը այն համզումը ունի, որ կեանքը արդար է:
– Կը կարծուի, որ ամերիկացի ամէնէն հարուստներուն մէկ տոկոսը իր եկամուտին 21 տոկոսը գաղտնի կը պահէ Ներքին եկամուտի սպասարկութենէն (IRS), ինչ որ տարեկան առնուազն 175 միլիոն տոլարի վնաս մըն է կառավարութեան համար: