ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցած ուսուցչաց ժողովին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը։ Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ Տեսչութեան անդամներ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանի ու Եղիա աբղ. Մալխասեանի ներկայութեամբ գումարուած ուսուցչական հանդիպումին նպատակն էր Դպրեվանքի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի սեմին ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկել անցնող կրթական տարեշրջանի ուսումնական արդիւնքը եւ ծրագրել նոր բացուող տարեշրջանի աշխատանքները։
Իր պատգամին մէջ վեհափառը, առաջին հերթին, իր գնահատանքը յայտնեց հոգեւորական թէ աշխարհական ուսուցիչներուն՝ յիշեցնելով, որ ուսուցչութիւնը առաքելութիւն է, յատկապէս հայ կեանքին մէջ, որովհետեւ հայ դպրոցը ի՛նք հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութեան լծուած նուիրական կառոյց է։ Խօսելով Դպրեվանքին մասին՝ կաթողիկոսը անդրադարձաւ երեք բառերու՝ ուսում, դաստիարակութիւն եւ կազմաւորում։ Բացատրելով նշեալ բառերուն իմաստը եւ նպատակը՝ Արամ Ա. շեշտեց զանոնք մէկ ամբողջութիւն տեսնելու եւ իրագործելու հրամայականը՝ կազմաւորումը ունենալով կիզակէտը ու նպատակը թէ՛ ուսման եւ թէ դաստիարակութեան։ Այս մօտեցումը ու նպատակը իւրայատուկ նկարագիրը կը կազմէ Դպրեվանքին, որովհետեւ Դպրեվանքի յարկին տակ ծանօթութիւն տալը եւ դաստիարակութիւն կատարելը պէտք է ուղղուած ըլլան դպրեվանեցիներու հոգեմտաւոր կազմաւորման։ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց յարափոփոխ աշխարհին հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը՝ միշտ պահելով Դպրեվանքին իւրայատուկ ոգին, շեշտը ու նպատակը։
Այս առիթով, հայրապետը կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն՝ առաւել նախանձախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ կատարելու իրենց վստահուած պատասխանատու առաքելութիւնը։ Ան շնորհաւորեց Դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ հայր Պարոյրը, ինչպէս նաեւ տեսչութեան անդամները։
Յայտնենք, որ կաթողիկոսը իր վարդապետութեան օրերէն սկսեալ անխափան եւ մինչեւ այսօր, Դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէ Աստուածաբանութիւն եւ յարակից այլ նիւթեր։