ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հայ մեծ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» երկհատորեակին շնորհահանդէսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին եւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին համատեղ կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ:
Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական երկերուն հրատարակութեան լոյս ընծայումով եւ նոյն տարուան՝ 19 Դեկտեմբեր 2019ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ շնորհահանդէսի իրականացումով, Կանաչեանական հայ երգը հասաւ քաղաքամայր Երեւան:
Այսպէս, Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Կանաչեանի արուեստը վերարժեւորող յատուկ ձեռնարկ մը սկիզբ առաւ: Նախ, Բարսեղ Կանաչեանի անուան արուեստի դպրոցի սաները ելոյթ ունեցան հետեւեալ հերթականութեամբ՝ Շահէ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ անոնք երգեցին մանկական երգչախումբի համար մշակուած «Ճախարակ»ը եւ «Մենք Կը Սիրենք»ը, դաշնամուրի վրայ՝ Տիգրան Մեսրոպեան: Ապա հնչեց «Օրօր»ը, մեներգուած՝ Արծուիկ Դեմուրչեանի կողմէ, դաշնամուր՝ Արգինա Յարութիւնեան: Նոյն դպրոցէն Նարինէ Թովմասեանի սաները երգեցին «Խաղաղ Գիշեր» եւ մեներգուեցաւ «Ծով Աչեր»ը:
Երեկոյի երկրորդ բաժինը վերլուծական ներկայացումն էր. բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Կոմիտասի անուան նոյն կեդրոնի գիտական բաժինի վարիչը՝ Տաթեւիկ Շախկուլեան, որ ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանը՝ երաժշտական կենսագրութիւնը, անցած ճանապարհը, վաստակը, եւ լայնօրէն համեմատելով Կոմիտաս վարդապետի երաժշտութեան եւ գործունէութեան հետ, ընդգծելով Կանաչեան մեծանուն երաժիշտին առանձնայտուկ գիծերը եւ որուն երազը՝ հայրենիք վերադարձը, հոգեւորապէս իրականութիւն դարձաւ սոյն հատորներու լոյս ընծայումով եւ հայրենի երաժիշտներուն տրամադրումով:
Աւարտին, Շախկուլեան գործնապէս Կանաչեանի երաժշտութիւնը ճաշակել տալու նպատակով, իր եւ Քէշիշեանի ցուցմունքներով, ներկաները միասնաբար երգեցին «Սիրերգ»ը:
Կանաչեանական երեկոյթի աւարտին երախտագիտական խօսք արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Ան իր երախտնգիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որուն օրհնութեամբ ժողովածուն հրատարակուեցաւ, նաեւ իրշնորհակալութիւնը՝ երկհատորեակը պատրաստած մասնագէտներուն` Պետրոս Ալահայտոյեանին եւ դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանին, մեկենասին, Կոմիտասի Թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութեան, յանձին Նիկոլա Կոստանդեանի, մասնակցողներուն եւ ներկաներուն:
Աւարտին, երաժշտական հիմնարկներու եւ գրադարաններու ներկայացուցիչները ստացան Բարսեղ Կանաչեանի հատորներէն ձեռամբ Շահան սրբազանին: