ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան հովուական եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Լաս Վեկաս եւ յետմիջօրէին ընդունուեցաւ տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներու կողմէ:
Սրբազան հայրը նոյն օրը երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ համայնքի բարերարներէն տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Ազգային երեսփոխան Արտա Եմենիճեաններու հետ եւ այս առիթով բարձր գնահատեց Եմենիճեան ամոլի ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական հոգածութիւնը Հայաստանի, Հայ եկեղեցւոյ, Արեւմտեան թեմի զաւակներուն եւ հայութեան կեանքին մէջ, ապա իր օրհնութիւնները բաշխեց զոյգին, որ քանի մը շաբաթ առաջ տասը միլիոն տոլարի նշանակալից նուիրատուութիւն մը կատարեց հայրենի եզերքի կրթական կեանքի բարելաւման ուղղութեամբ աշխատող ԹՈՒՄՕ արհեստագիտական կեդրոնին:
Շաբաթ առաւօտեան, առաջնորդը այցելեց ՀՕՄի Լաս Վեկասի «Շուշի» մասնաճիւղի Վերժին Գուճաքեան շաբաթօրեայ վարժարանը եւ կատարեց բացման աղօթք, ապա դեռատի աշակերտներուն բացատրեց Հայ մշակոյթի ամիսը կենսաւորող Թարգմանչաց տօնը, որուն ընդմէջէն վեր առաւ հայոց գիրերու ստեղծիչ եւ գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի կերպարը եւ Հայաստանի տարածքին ծաւալած կրթական գործունէութիւնը, պատանիներուն մատչելի լեզուով: Հանդիպման աւարտին, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նշեալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը, գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ անոնց հետագայ ծրագիրները:
Երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդը նախագահեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կազմակերպած Սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ եղան Հոգեւոր հովիւը, Հոգաբարձութեան կազմը եւ շրջանի Ազգային երեսփոխաններ Ատրուշան Արմէնեան եւ Արտա Եմենիճեան: Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, ներկաները ունեցան աշխատանքային պահ եւ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ կազմեցին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բարգաւաճման եւ յաւելեալ բարեզարդման նպաստող հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական եւ կազմակերպական ծրագիրներ, որոնք պիտի իրականացուին հետագայ մէկ տարուան ընթացքին:
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ «ԱՅԲՈՒԲԵՆ»Ի ՔՈՂԱԶԵՐԾՈՒՄ
Կիրակի առաւօտեան, սրբազան հայրը Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ ըսելով, որ մարդկային կեանքին մէջ ամէն բան ժամանակաւոր է եւ թէ առարկաներուն եւ ունեցուածքներուն կարելի չէ վստահիլ, երբ դժուարութիւններու մէջ ենք, այլ միակ ու յաւիտենական վստահելին Աստուած Ինք է, եւ այս առումով ան յորդորեց ներկաները, որ իրենց կեանքին մէջ աւելի մօտէն հաղորդուին Աստուծոյ հետ, վստահին միայն Իրեն՝ ամէն տեսակ ցաւի, նեղութեան կամ տառապանքի պարագային, որովհետեւ Աստուած խոստացած է Իրեն դիմող բոլոր մարդերուն ձեռքէն բռնել եւ դուրս բերել զանոնք իրենց անելանելի վիճակէն:
Ս. խորանին սպասարկեցին հոգեւոր հայրեր՝ Արցախ քհնյ. Պատոյեան, Կլենտէյլէն ժամանած Մովսէս քհնյ. Շաննագեան եւ անոր ընկերակից խումբ մը բարեշնորհ սարկաւագներ:
Յետ արարողութեան, առաջնորդը իր շքերթով մուտք գործեց եկեղեցւոյ յարակից շրջափակը, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան եւ բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին, որ Հոկտեմբեր ամսուն առաջին օրերուն կը գտնուի Լաս Վեկաս, քօղազերծելու համար հայկական քրիստոնէական մշակոյթի հիմնարար սկիզբ նկատուող հայոց գիրերուն նուիրուած «Այբուբեն»ը, ապա հրաւիրեց առաջնորդը՝ արտասանելու իր սրտի խօսքը: Առաջնորդ սրբազան հայրը նախ ողջունեց հայ համայնքի հաւատացեալները եւ նուիրեալները, ապա հարցադրումով մը վեր առաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդը եւ իմաստը՝ ըսելով. «Ո՞վ պիտի ըսէր, որ օր մը Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հանճարեղ հայորդիին ստեղծած այբուբենը որպէս կոթող պիտի տեղադրուի Հայաստանէն բազմահազար մղոններ հեռու գտնուող Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ համալիրին մէջ»: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին անապատային Լաս Վեկասի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին համար դարձած է կենսատու ովասիս եւ թէ՝ երեւոյթ է այս շրջանին մէջ հայկական մշակոյթի օր տօնելը: Առաջնորդը այնուհետեւ քօղազերծեց բարձրադիր պատին վրայ տեղ գտած հայոց այբուբենի պղնձեայ մեծաչափ տառերը (հեղինակ՝ արուեստագէտ Արա Չոլաքեան), այսպիսով իրականութիւն դարձնելով Հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ, հանգուցեալ Կարապետ Պետիրեանի մտայղացումը եւ փափաքը:
ՆԵՒԱՏԱ ՆԱՀԱՆԳԻ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի հրաւէրով, առաջնորդը ներկայ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 30ամեակին առիթով Լաս Վեկասի համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպած ձեռնարկին, ի շարս Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի, պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, հոգեւոր հայրերու եւ հրաւիրեալներու:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարերը եւ առաջնորդը՝ ընդգծելով համայն հայութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ի նպաստ ծրագիրներու կենսագործման մէջ: Նաեւ շեշտուեցաւ հայ ժողովուրդի զաւակներու վստահութիւնը եւ հաւատարմութիւնը ազգի ու հայրենիքի դաւանած մնայուն արժէքներուն վրայ խարսխելու եւ միաբանութեամբ գործելու կարեւորութիւնը:
Յետ պաշտօնական խօսքերու մեծարուեցաւ Լաս Վեկասի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավարներէն Լենա Յովհաննէսեան, որուն ջանքերուն շնորհիւ էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ պատմական իրողութիւն, մաս կազմեց Նեւատա նահանգի կրթական ծրագիրին:
Յայտնենք, որ հայ տաղանդաւոր երիտասարդներ, պատանիներ եւ փոքրեր որակաւոր մակարդակով հայ երաժշտութիւն, երգ ու պար մատուցեցին եւ գործադրեցին գեղարուեստական բարձրաճաշակ յայտագիր մը:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ առաջնորդներու փակման աղօթքով: