Արեւմտահայերէնով նոր եւ բարձրորակ ստեղծարար յայտագիր մը ճամբայ ելաւ մանուկներու համար։ Զուարթ, սրամիտ եւ մանկավարժական մօտեցումով յղացուած այս առցանց տեսերիզները կարելի է գտնել «Երդիք»ի կայքին վրայ (www.yertik.com) կամ՝ YouTube-ի (Երդիք)։
Երգերու, պատմութիւններու եւ խաղերու ընդմէջէն, խամաճիկներու, հանելուկներու եւ կարճ թատերախաղերու միջոցաւ, «Երդիք»ը կը ստեղծէ զուարճալի եւ հանգիստ միջավայր մը, ուր մինչեւ 12 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ կրնան զուարճանալ ու նոյն ժամանակ՝ իրենց հաղորդակցութեան ունակութիւնները զարգացնել։ Նոր բառապաշար կ՛ամբարեն, արեւմտահայերէն կը սորվին կամ իրենց ունեցած գիտութիւնը կը բարելաւեն եւ ամենէն կարեւորը՝ Սփիւռքի մէջ իրենց առօրեայ կեանքին մաս կազմող լեզուով նոր ու հետաքրքրական աշխարհ մը կը բացայայտեն։
«Երդիք»ը շաբաթը երկու տեսանիւթեր կ՛արտադրէ։ «Ակուլ Տուկուլ»ը երկուքէն վեց տարեկաններու համար է։ Նոյնիսկ ոչ-հայախօս մանուկները կրնան դիտել եւ հետեւիլ յայտագիրին։ Անոնք այնտեղ պիտի ծանօթանան յատուկ կերպարներու, առիթ տալով որ իրենց լսողական, տեսողական ունակութիւնները զարգանան, նաեւ՝ իրենց ստեղծարար կարողութիւնները եւ իրենց յիշողութիւնը։
«Ալնիս Բալնիս»ը եօթէն տասներկու տարեկաններու համար է։ Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ առօրեայէն քաղուած զանազան նիւթեր, մանուկներուն եւ պատանիներուն առիթ տալով, որ բարելաւեն հայերէնով հաղորդակցելու իրենց կարողութիւնը ու զարգացնեն իրենց վերլուծական ունակութիւնները։ Այս տեսերիզներուն միջոցաւ՝ նոր գաղափարներ կը ծագին եւ նոր բառամթերքով տարբեր նիւթեր կ՛արծարծուին։ Յայտագիրը մանուկները կը քաջալերէ, որ իրենց հետաքրքրութիւնը խորացնեն եւ «ինչո՞ւ»ն ու «ինչպէ՞ս»ը հետապնդեն։
«Երդիք»ը նոր յայտագիր մըն է, հովանաւորուած՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ։ Եօթը երիտասարդներ, հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ գործադրուող լեզուական իւրացումի «Զարմանազան» ծրագիրէն ներշնչուած՝ յանձն առած են յայտագիրին ստեղծարար բովանդակութեան պատրաստութիւնը։ «Երդիք»ին մասնակցողայդ խմբակին անդամներն են՝ Սեւանա Չագրեան, Վահան Քերովբեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Հրայր Գալեմքէրեան, Անոյշ Մխսեան, Վահագն Քէշիշեան եւ Ծաւի Պիլալեան։
Ծնողներ եւ դաստիարակներ կրնան հաւասարապէս գործածել «Երդիք»ի կայքը, եւ այդ ձեւով արեւմտահայերէնը հնչեցնել իրենց երդիքներուն տակ։ Զուարճալի զբաղումներով, բոլորին տրամադրելի եւ մուտքը ազատ «Ակուլ Տուկուլ»ը եւ «Ալնիս Բալնիս»ը հաճելի միջավայր մը կը ստեղծեն բոլորին համար։
Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities կայքէջը եւ անդամագրուիլ լրատուին։