ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 18-19 Հոկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ հայկական եւ ռուսական զանազան շրջանակներու հետ, որոնց ներկայացուց Արցախի իրավիճակը, կարիքները եւ ծրագիրները:
Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի եւ խումբ մը անդամներու, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի այլ ներկայացուցիչներու հետ առանձին հանդիպումներուն ընթացքին, պետական նախարարը ներկայացուց յետ-պատերազմեան վերականգնման աշխատանքները Արցախի մէջ, Արցախի անվտանգ եւ կայուն ապագային միտուած ծրագիրները ու մարդասիրական հիմնական կարիքները: Արտակ Բեգլարեան կարեւոր նկատեց Սփիւռքի շարունակական ընդգրկուածութիւնը հայրենիքի վերականգնման եւ զարգացման գործին մէջ` շեշտադրելով, որ ատիկա պէտք չէ դրսեւորուի զուտ նիւթականով, այլ նաեւ մարդկային ներուժով։
Պատասխանելով Արցախի ապահովութեան երաշխիքներու ապահովման մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահներու երկարաժամկէտ դերակատարութեան վերաբերող հարցումին` պետական նախարարը նշեց, որ առ այսօր Ռուսիոյ աշխոյժ եւ կառուցողական ջանքերը ու խաղաղապահներուն ռազմաքաղաքական երաշխիքները կ՛ապահովեն շուրջ 120 հազար բնակչութեան կենսագործունէութիւնը Արցախի մէջ: Ան շեշտեց, որ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի քաղաքական միջոցներով` Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ ընդունման եւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման առաջնահերթութիւններով:
Պետական նախարար հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի հետ, որուն հետ քննարկեց Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայոց հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ արցախցիներու հոգեւոր կեանքի աշխուժացման ու հոգեբանական աջակցութեան հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր:
Հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուեցան պայմանաւորուածութիւններ՝ Արցախի մէջ մարդասիրական եւ զարգացման ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ: