ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ»․- Առնուազն 27 զոհեր արձանագրուեցան Դամասկոսի մէջ զինուորականներ տեղափոխող փոխադրակառքի մը դէմ Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերին գործադրուած ահաբեկչական յարձակումի մը պատճառով:
2017էն ի վեր Դամասկոսի մէջ ամէնէն մահացու յարձակումին զոհերուն շարքին էին նաեւ չորս մանուկներ եւ քաղաքացի մը։
Ըստ սուրիական պետական լրատու գործակալութեան՝ պայթած են փոխադրակառքին վրայ զետեղուած երկու ռումբեր, իսկ երրորդ պայթուցիկ սարքը չէ պայթած:
Ցարդ ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է յարձակումին պատասխանատուութիւնը: