Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս Հայց. եկեղեցի: Առաջնորդ սրբազան հօր բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ծխական եւ յարակից մարմիններու անդամները:
Նոյն օրը, առաջնորդը մատուցանեց Սուրբ պատարագ, յընթացս որուն Ս. սեղանին կը սպասաւորէր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ:
Սրբազանը իր քարոզի ընդմէջէն յատուկ կերպով իր ջերմ ու քաջալերանքի սրտագին խօսքերը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց ծուխի հոգեւոր հովիւին` գնահատելով անոր գործադրած մեծ ջանքերը կիրակնօրեայ դպրոցներու զարգացման եւ կայացման գործին` յորդորելով նաեւ, որ առաւել մեծ նուիրումով, անկոտրում կամքով ու եռանդով շարունակէ իր ծառայութիւնը` ի նպաստ ծուխի զարգացման եւ յառաջխաղացման:
Այնուհետեւ, առաջնորդին ձեռամբ օծուեց Ս. Գայիանէ կոյսի նկարով սրբապատկերը` նուիրուած Բալասանեան ընտանիքին կողմէ՝ ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ դստեր:
Պատարագի վերջաւորութեան կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն` ի յիշատակ Արցախեան 44օրեայ պատերազմի հերոս նահատակներուն:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ շնորհաբաշխութիւն, յընթացս որուն Յովնան արք. Տէրտէրեան, առ ի գնահատանք Ս. Յովաննէս եկեղեցւոյ ծխական կեանքին մէջ ունեցած երկարամեայ ծառայութեան ու նուիրումին, «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց Էնթընի սրկ. Խաչատուրեանը, Լինտա Լեսթերը, Ճուտի Ուայթը, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Սեդրակ եւ Անուշ Մաղդիսեանները:
Սրբազանը հրաժեշտ տալով` օրհնեց բոլորը, յաջողութիւններ մաղթեց անոնց ազգաշէն եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան մէջ: