ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք»․- Կարս քաղաքի Քալէիչի թաղամասին մէջ գտնուող հարիւրամեայ հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է նաեւ Ռուսական եկեղեցի անունով, վերջնականապէս վերանալու վտանգին տակ է, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։
Եկեղեցին «Ռուսական» կը կոչուի, որովհետեւ ժամանակին անիկա օգտագործուած է նաեւ ռուսերուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ պատերուն մէկ մասը փլած է, իսկ ներսը՝ գանձագողերը փոսեր փորած են։
Թրքական աղբիւրներ կը շեշտեն, որ Կարսի մէջ պատմական յուշարձանները մէկ առ մէկ կ՛անհետանան, իսկ կանգուն մնացած պատմական կառոյցներն ալ ձգուած են բախտի քմահաճոյքին։
