ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Կենցաղային ամէնօրեայ մտահոգութիւններու հեւքին մէջ ապրող լիբանանցիները Չորեքշաբթի օր արթնցան վառելանիւթի գիներու նոր յաւելումի «աւետիս»ով: Աւելի՛ն, պատկան մարզերու կարգ մը պատասխանատուներ յոռետեսութեամբ եւ ընդվզումով յայտարարեցին, որ այս ընթացքով գինը կրնայ յառաջիկայ շաբաթներուն աւելիով բարձրանալ, աճը վերագրելով վառելանիւթի միջազգային սակագինին, որ ամերիկեան տոլարին հետ կապ ունի:
Որոշումը, որ 60 հազար լիբ. ոսկիի յաւելում կը ճշդէր թիթեղ մը պենզինի գինին վրայ, իր խոր ազդեցութիւնը ունեցաւ հասարակութեան վրայ եւ զանազան շրջաններու մէջ ցուցարարներ ինքնաբուխ կերպով փողոց դիմեցին՝ բողոքելով նշեալ որոշումին դէմ:
Մայրաքաղաք Պէյրութէն մինչեւ Թրիփոլի, Սայտա, Շեքքա եւ Ճիւնի մայրուղիներ եւ փողոցներ փակուեցան որոշ ժամանակով: Ցուցարարները իրենց պոռթկումը արտայայտեցին տիրող կենցաղային եւ ապրուստի անտանելի կացութեան գծով, որուն պայմաններուն մէջ տոլարին սակագինը հասած է 21 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը, մինչ աշխատաւորներու կարեւոր մէկ հատուածը իր ամսաթոշակը կը ստանայ լիբանանեան թղթոսկիով: Իսկ նուազագոյն ամսականը տակաւին 675 հազար լիբ. ոսկի է: