
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը յանձնարարեց 2022ի պետական ամավարկին մէջ մինչեւ 2 միլիոն տոլար նկատի ունենալ Արցախի ականազերծման ջանքերուն համար եւ մտահոգութիւն յայտնեց Կովկասի ներկայ կացութեան վերաբերեալ։
«Խորապէս մտահոգ ենք, որ Ուաշինկթըն ցարդ միայն 2.5 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակլութիւն տրամադրած է ամերիկեան 120 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը վայելող ատրպէյճանական ուժերուին կողմէ Արցախէն տեղահանուած 100,000 հայերու կարիքները հոգալու ջանքերուն համար», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ վստահեցնելով, որ աշխատանքը պիտի շարունակուի Արցախի ժողովուրդին յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու եւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները կասեցնելու նպատակով։
Նշենք, որ 2022ի պետական ամավարկին Ծերակոյտի տարբերակին մէջ, կը պահանջուի պահպանել Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքերու վաճառքը, 2017ին խաղաղ ցուցարարներուն վրայ անոնց յարձակումին պատճառով։
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Յուլիսին վաւերացուած տարբերակին մէջ առնուազն 50 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն վերապահուած է Հայաստանին եւ երկու միլիոն տոլար՝ Արցախի ակազերծման ջանքերուն համար։