Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերին աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու ճատրակի 2021 տարուան ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Սէյնթ Լուիս քաղաքին մէջ:
Երկրին 12 գերվարպետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ Ուեսլի Սօ, «թայ-պրէյք»ով պարտութեան մատնելով ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեանը եւ Ֆապիանօ Քարուանան:
Փոխախոյեան հանդիսացաւ Քարուանա, որ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց պրոնզէ մետալակիր դարձած Սեւեանի դէմ:
Նշենք, որ մրցաշարքի աւարտին, երեքն ալ առաւելագոյն 11 կէտէն ապահոված էին 6.5ական կէտ, որուն պատճառով մրցաշարքը մէկ օրով երկարաձգուեցաւ։
Սօ 50,000 տոլարի մրցանակի արժանացաւ, իսկ Քարուան եւ Սեւեան՝ 30,000ական տոլար ստացան։
Կանանց ախոյեանութեան ընթացքին, ամերիկահայ Տաթեւ Աբրահամեան առաւելագոյն 11 կէտէն 6 կէտ ապահովելով՝ բաժնեց 4-6րդ դիրքերը: