ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս», «Թրենտ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 21 Հոկտեմբերին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Քերըն Տանֆրիտի հետ:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-ամերիկեան երկխօսութեան զարգացման աշխուժութեան համար՝ յատկապէս կարեւոր նկատելով ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութիւնը:
Միրզոյեան եւ Տանֆրիտ քննարկեցին նաեւ զանազան հարթակներու, որոնց կարգին Հայաստան-Ամերիկա ռազմավարական երկխօսութեան (USASD) ծիրին մէջ ձեռնարկուելիք քայլերը:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ։
Անդրադառնալով 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն՝ նախարար Միրզոյեան առաջնահերթ նկատեց Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներուն ու քաղաքացիներուն հայրենադարձութեան հարցը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Տանֆրիտի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի օր:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան եւ Տանֆրիտ նշեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը յոյժ կարեւոր է եւ յայտնեց այս հարցին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը:
Պաքու յոյս ունի, որ Հայաստանի կառավարութենէն եկող վերջին դրական ուղերձները ո՛չ միայն խօսք կ՛ըլլան, այլ նաեւ գործնական գետնի վրայ դրական արդիւնքներ կու տան: Ատրպէյճանական «Մենվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ խրուաթ իր պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: