ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հեղինակաւոր «Պի.Պի.Սի.». Կոմիտաս վարդապետին մասին հրապարակեց ծաւալուն յօդուած մը, որուն մէջ տեղ տրուած է նաեւ Արցախեան 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Շուշիի ռմբակոծուած եկեղեցւոյ մէջ թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեանի` Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը նուագելու տեսահոլովակը:
«Պի.Պի.Սի. միուզիք մակըզին»ի մէջ կը նշուի, թէ Կոմիտասը եղաւ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան զոհը: «Հայերուն համար երաժշտութիւնը յիշողութիւն է: Եւ ամէն անգամ, Ապրիլ 24ին` հայերու բնաջնջման յիշատակի օրը, անոնք ամբողջ աշխարհէն կը հաւաքուին՝ յարգելու նահատակներու յիշատակը: Կը հնչեն նաեւ Կոմիտասի երգերը», կը գրէ հեղինակը, որ վստահ է, թէ եթէ որեւէ տեղ հարցնեն, թէ ո՛վ է Հայաստանի մեծագոյն յօրինողը, բոլորը Արամ Խաչատրեանի մասին պիտի խօսին, բայց հայերը Կոմիտասի անունը պիտի յիշատակեն: «Ինչպէս խոստովանած է անոր ամէնէն նշանաւոր հայրենակիցներէն մէկը` Արամ Խաչատրեան, ան առանձին դրած է Հայաստանի դասական երաժշտութեան աւանդոյթներուն հիմքը», կը նշէ ան:
Հեղինակը դիտել կու տայ, որ Կոմիտասի ժառանգութիւնը համեստ է` շուրջ 80 խմբերգեր եւ երգեր, հայկական ազգային երգերու մշակումներ եւ մեներգեր՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ: