ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 22 Հոկտեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) փոխնախագահ Ժիլ Քարպոնիէի եւ ՄԱԿի մանկական հիմնարկի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) նորանշանակ ներկայացուցիչ Քրիստին Վայկանտի հետ։
Կարեւոր նկատելով ԿԽՄԿի տարած աշխատանքները` Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց կազմակերպութեան առանձնայատկութիւնը` իբրեւ չէզոք, անկողմնակալ կառոյց, որ 1992էն ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ: Ան շեշտեց հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ԿԽՄԿի առաքելութեան իրականացման` երեք տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող աշխատակարգին համաձայն:
Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ Կարմիր Խաչը՝ իբրեւԱրցախի մէջ ներկայիս միակ միջազգային կառոյցի գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը` ատրպէյճանական յարձակումին իբրեւ արդիւնք տուժած բնակչութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու առումով:
Նախարար Միրզոյեան շեշտեց, որ կը շարունակէ առաջնակարգ հարց մնալ ռազմագերիներու եւ քաղաքացի պատանդներու շուտափոյթ վերադարձի հարցը: Խախտելով Ժընեւի ուխտի եւ 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան պահանջները` Ատրպէյճան կը շարունակէ արհեստական խոչընդոտներ ստեղծել գերիներու վերադարձի հարցով:
Ան դիտել տուաւ, որ, հակառակ հայկական կողմին ներկայացուցած ապացոյցներուն, Ատրպէյճան գաղտնի կը պահէ գերիներու իրական թիւը եւ անոնց պահուած վայրերը, ինչ որ լուրջ հիմքեր կու տայ ենթադրելու, որ կայ բռնի անհետացումներու իրավիճակ:
ԿԽՄԿի պատուիրակութիւնը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց շարունակելու իր օժանդակութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն` յետ-պատերազմեան իրավիճակին մէջ ստեղծուած մարդասիրական հարցերը յաղթահարելու նպատակով:
ԵՈՒՆԻՍԵՖի նորանշանակ ներկայացուցիչ Քրիստին Վայկանտի հետ հանդիպումին նախարարը արժեւորեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մանկական հիմնարկի անցած 27 տարիներու գործունէութիւնը` ուղղուած մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Յատուկ կերպով կարեւոր նկատուեցան կազմակերպութեան կողմէ մանուկներու առողջութեան եւ կրթութեան բարելաւման վերաբերող տարբեր ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ նախորդ տարուան ատրպէյճանական-թրքական յարձակումին մարդասիրական արդիւնքները։ Նախարար Միրզոյեան լուսարձակի տակ առաւ հակամարտութենէն տուժած մանուկներու անվտանգութեան, կրթութեան եւ այլ իրաւունքներու ապահովման մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի առաւել աշխոյժ ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը: