ՊԷՅՐՈՒԹ.- Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի գահակալութեան հայրապետական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021ին, Պէյրութի կեդրոնական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը մէկ ամիս առաջ՝ անցեալ 23 Սեպտեմբերին, ընտրելէ ետք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր հայրապետը՝ յանձին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի, անոր գլխուն վրայ զետեղելով ոսկեթել քողը, ապա անոր յանձնելով պատրիարքական գաւազանը, զայն ուղղեց մինչեւ պատրիարքական աթոռ, ուր զայն բազմեցուց, սկիզբ տալով նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքի պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութեան պաշտօնական գահակալութեան, որպէսզի ան եկեղեցիէն տրուած իրաւունքներուն եւ իշխանութեան միջոցով ծառայէ Աստուծոյ ժողովուրդին:
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ եկեղեցական ու քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին՝ մարոնիներու պատրիարք եւ կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ Պշարա Պութրոս Ռայի, յոյն կաթողիկէ Անտիոքի պատրիարք Եուսեֆ Ապսի, յոյն ուղղափառներու Անտիոքի պատրիարք Եուհաննա Եազիժի Ժ.ի ներկայացուցիչ առաջնորդ Կոստանդին Քայյալ, Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերիի ներկայացուցիչ գերապայծառ Ճոզեփփէ Ֆրանքոնէ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արմաշ արք. Նալպանտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, հայ եւ օտար հոգեւորականներ, սրբազան հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի ներկայացուցիչ, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ժորժ Քալլաս, Պէյրութի նահանգապետ դատաւոր Մարուան Ապպուտ, պետական, քաղաքական, զինուորական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հոգեւոր տիրոջ հարազատները:

Գահակալութեան կանոնը հանդիսապետեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կառավարիչ եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, շրջապատուած՝ սիւնհոդոսական հայրերով: Գահակալութեան արարողութեան ընթացքին արաբերէնով Աւետարանը ընթերցեց Ապսի պատրիարքը, իսկ սուրբ եւ անմահ պատարագին ընթացքին Աւետարանը արաբերէնով ընթերցեց Ռայի պատրիարքը:
Գահակալութեան արարողութենէն ետք, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Միացեալ Նահանգներու Տիրամայր Նարեկի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի առընթերակայութեամբ, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը գլխաւորեց հայրապետական իր անդրանիկ սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ան երախտագիտութիւն յայտնեց աստուածային նախախնամութեան, որ զինք կոչած է հայրապետական առաքելութեան, ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ֆրանսիս պապին, որ հաստատեց իր ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ սիւնհոդոսական հայրերուն, եղբայրակից արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն, որոնք իրեն վստահեցան պատրիարքական ծանրագոյն բեռը, »զոր միասնաբար պիտի կրենք ի խնդիր մեր հաւատացեալներու յաւիտենական փրկութեան«։
Սուրբ պատարագի աւարտին ընթերցուեցան կարտինալ Սանտրիի, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի եւ Փարիզի առաջնորդ գերապայծառ Միշել Օ՛Փըթիի շնորհաւորական պատգամները, ապա նորօծ կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց ներկաներու շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթանքները: