
Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբերէն Կիրակի, 3 Հոկտեմբեր, Պոսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի 100րդ Պատգամաւորական ժողովը։
Շաբաթ երեկոյեան, Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը՝ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք՞ Դանիէլեանի, հանդիսավարութեամբ ՀՕՄի Արեւելեան Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Անի Աթթարի։
Ձեռնարկը մեկնարկեց Ալլա Պետրոսեանի՝ «Մեր Հայրենիք» քայլերգին եւ Քեմպրիճի «Շուշի» մասնաճիւղէն Անի Զարկարեանի՝ ՀՕՄի քայլերգին կատարումներով։ Ապա, Անի Աթթար բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց ՀՕՄի առաջին համագումարը, որ տեղի ունեցաւ 30 Մայիս 1915ին Պոսթըն քաղաքին մէջ, եւ այսօր նոյն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ 100րդ պատմական պատգամաւորական ժողովը։
Յանուն Կեդրոնական վարչութեան խօսք առաւ Նայիրի Տէրտէրեան՝ յայտնելով, թէ մեծ պատիւ է ներկայ գտնուիլ ՀՕՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 100րդ պատմական պատգամաւորական ժողովի տօնակատարութեան։ Այս շրջանը ՀՕՄի ողնասիւնն է, ուր ծնունդ առաւ այս կազմակերպութիւնը 1910ին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ։ Կազմակերպութիւն մը, որ աւելի քան դար մը շարունակեց ծառայել Հայ ժողովուրդի կարիքներուն ամէն մարտահրաւէրներ յաղթահարելով։ Կազմակերպութիւն մը, որ յոյս տուաւ նորածինին ՀՕՄի «Մօր ու Մանկան» ծննդատան մէջ, յոյս տուաւ նորակազմ ընտանիքին, յոյս տուաւ ՀՕՄի Սօսէ մանկապարտէզ յաճախող մանուկին, յոյս տուաւ Ջաւախքի Հայ երիտասարդին տէր կանգնելու մեր մշակութային արժէքներուն, եւ յոյս՝ աշխարհացրիւ բոլոր գաղթօճախներուն։
Այս առթիւ, շնորհաւորագրեր եւ մաղթանքներ ընթերցուեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ եւ Գանատայի շրջանային վարչութիւններուն կողմէ։
Ապա առաջնորդ հայրը փոխանցեց իր ողջոյնի խօսքը. «Յանուն Ազգային առաջնորդարանի Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, կ՛ողջունեմ Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի 10-րդ պատգամաւորական ժողովը եւ ժողովականները։ Պատմական այս համաժողովը կ՛ենթադրէ ցամաքամասիս տարբեր շրջաններուն մէջ մեղուաջան ու նուիրեալ կամաւորներու 100 տարիներու անխափան հաւաքներ՝ հայ կեանքը յուզող տագնապներու լուծումներ որոնելու եւ զանոնք իրականացնելու վսեմ գաղափարականով։ ՀՕՄի հիմնադրին ժամանակաշրջանը, պայմաններն ու տիրող կարիքները որքան որ տարբեր էին մերօրեայ կացութենէն, սակայն տեսլականը՝ անսակարկ կերպով ծառայել մեր ժողովուրդին, կը մնայ նոյնը, աւելի ճիւղաւորուած եւ աւելի ընդարձակուած։ Արդարեւ, եթէ մինչեւ 1988ի աղէտալի երկրաշարժը ՀՕՄի հոգածութեան առարկան դարձած էր Միջին Արեւելքը, այնուհետեւ կիզակէտ դարձաւ մայր հայրենիքը, Արցախով ու Ջաւախքով, միշտ պատրաստ նորանոր տարածքներ ընդգրկելու»։
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ՀՕՄի ընկերային ծառայութիւններու յանձնախումբին «Ծառայութեան» վկայագիրներ բաժնելով։ ՀՕՄի «Լէօլա Սասունի» մասնաճիւղի Ուոթըրթաունի եւ ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի անդամներ՝ Նուարդ Գույումճեանին, Վանի Թաշճեանին, Անժէլ Յովհաննէսեանին, Շաքէ Մինասեանին, Սօսի Պողարեանին, Լուիզա Խրիմեանին, Մարի Պազարեանին, Մելինէ Թոփուզեան-Պէրպէրեանին եւ Նարինէ Ապրիմեանին։
Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄի 100րդ Պատմական Պատգամաւորական ժողովին առթիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը պարգեւատրեց Միութեան երկարամեայ անդամ Անժէլ Մանուկեանը «Երկարամեայ Նուաճումներու» (Lifetime Achievement Award) մրցանակով։
Ճաշկերոյթը փակուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովի Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ ներկաներու «Կիլիկիա» երգի խմբերգումով։