
Շաբաթ, 23 Հոկտեմբերին, Ֆիլատելֆիոյ Loews պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը, որ յաջորդաբար 15րդ անգամն ըլլալով կը կազմակեչպուէր, նախատեսուած էր անցեալ տարի, որ յետաձգուելէ ետք տեղի ունեցաւ 25 Փետրուարին՝ առցանց դրութեամբ։
Նախապէս, Ֆիլատելֆիան 2013ին հիւրընկալած էր այս մեծարանքի երեկոն։ Շուրջ երկու հարիւր ներկաներ ժամանած էին, իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս ձեռնարկին։ Նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրի ստեղծած պայմանները, ինքնին այս թիւը քաջալերական էր։
Հանդիսավարն էր Միշիկընի ներկայացուցիչ 28 տարեկան Մարի Մանուկեան (ծնած՝ Պըրմինկհեմ, Մեսեչուսեց):
Ապա բեմ բարձրացաւ Արեւելեան Ամերիայի շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներէն Սթիւ Մեսրոպեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք հակառակ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած պայմաններուն, ժամանած էին իրենց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը բերելու եւ նեցուկ կանգնելու։
Մեսրոպեան նշեց, թէ Հայ Դատի հասկացողութիւնը կամ սահմանումը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան չի վերաբերիր, այլ հարցեր եւս իրենց կարեւոր բաժինը ունին, երբեմն նոյնիսկ աւելի գերակշիռ կ՛ըլլան: Ան բացատրեց, թէ վերջին քսան տարիներուն Հայ Դատի սահմանումը բաղկացած է քանի մը ենթագլուխներէ, որոնց կարգին հայրենի պետականութեան հարցը, Արցախի իրավիճակը եւ բանակցային գործընթացը ու անշուշտ Հայոց Ցեղասպանութեան, ո՛չ միայն ճանաչման- պահանջատիրական, այլ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան հայապատկան հողերու վրայ բնակող հայութեան հարցը։
Ընթրիքին յաջորդեց շքանշաններու բաշխումը։
Քարոզչական բնագաւառին համար յատկացուած նորաստեղծ «Մետիա» շքանշանը յանձնուեցաւ 6ABC Action News կայանի լրագրող Քեթի Քաթրոյին, որ շարունակ արտայայտուած է ի նպաստ Հայ Դատին, մասնակցած հաւաքներու եւ իր կարգին քարոզչական աշխատանք տարած։ Քաթրօ, զաւակն է Ալպանիայէն Յունաստան գաղթած ծնողներու, որոնք նախքան Ֆիլատելֆիա հաստատուիլը, նաեւ բնակած է Անգլիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթի մէջ։
Իր խօսքին մէջ, Քաթրօ նշեց, թէ մօտէն կը հետեւի անցուդարձերուն եւ քաջատեղեակ է, թէ որքա՛ն կարեւոր է քարոզչական բնագաւառին մէջ, իրականութիւնը ներկայացնել, չստել եւ իրականութիւնը չծածկել։
«Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան յաջորդաբար փաստաբան Սիրանոյշ Սահակեան եւ պատկերասփիւռի աշխարհի հանրածանօթ դէմքերէն՝ Քոնըն Օ՛պրայընի օգնական Սոնա Մովսէսեան, որոնք երկուքն ալ պսակաձեւ ժահրին պատճառաւ չէին կրցած ներկայ ըլլալ եւ առցանց փոխանցեցին իրենց խօսքը։
Ապա բեմ բարձրացաւ «Վահան Գարտաշեան» շքանշանին համար նկատի առնուած Ֆիլատելֆիոյ շրջանի Հայ Դատի գործօն անդամներէն Անտրիւ Գիզիրեան, որ տարիներ շարունակ այս սուրբ գործէն ներս ծառայած է։
Խօսք առին, նաեւ անցեալ ամառ Հայ Դատի յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» ամառնային վարժողական ծրագիրներուն մասնակցած երիտասարդները։

Աւարտին, փակման խօսքը փոխանցեց Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն Ռաֆֆի Համբարեան, որ խոր զգացումով եւ վճռակամութեամբ շեշտեց, թէ Արցախի պատերազմին պարտութիւնը եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն անկարողութիւնը եւ թուլութիւնը երբեք յուսահատութիւն պիտի չյառաջացնէ։
«Պէտք է շտապօրէն վերականգնել Արցախը, որուն համար պէտք է լծուիլ աշխատանքի։ Այո՛, պէտք է հզօրացնենք մեր բանակը, արդիականացնել զայն եւ անոր մէջէն պարտուողի հոգեբանութիւնը վերցնենք: Նաեւ շատ աւելի գործօն, հմուտ եւ փորձառու միջազգային դիւանագիտութեան կարիքն ունինքն, որպէսզի կարենանք Հայաստանի դիրքորոշումները քիչ մը աւելի պահանջատիրական ձեւով ներկայացնել։ Անշուշտ միւս կողմէ ալ, հպարտ ենք, որ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, բայց յատուկ նշանակութիւն ունէր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչներու տան մէջ այս բանաձեւին անցնիլը, որովհետեւ ոչ թէ առաջին անգամն է, որ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ կը վերահաստատէ իր ճանաչումը եւ զօրակցութիւնը։ Միշտ ալ Ցեղասպանութիւն բառը կարելի եղած էր «ծածկել»։ Թուրքիոյ ճնշումով եւ ՆԱԹՕի անդամակցութեան պատճառով կարելի եղած էր սանձել Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան այլազան մակարդակները, որպէսզի չարտայայտուին Ցեղասպանութեան մասին: Ահաւասիկ այդ լռութեան պատն ալ քանդուեցաւ, այս պարագային Ներկայացուցչական տունը եկաւ հաստատելու այնպիսի յստակ բառերով, այնպիսի ելոյթներով, որ պատմական է եւ նախապէս երբեք չէ պատահած»:
Յայտագիրէն առաջ կատարուած աճուրդի արդիւնքով գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին:
(Թղթակից)