
Աւետարանչականի 102րդ տարեժողովի ճաշկերոյթէն տեսարան մը
Զաւէն Խանճեան եւ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան կը պատուեն Պետրոսեան ընտանիքը Տոքթ. Ճան եւ ԼինտաՔէյ (Պետրոսեան) Ապտուլեան
Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցող Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 102րդ Տարեժողովի օրերու կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը Շաբաթ, 23 Հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցած ճաշկերոյթն էր՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան՝ տեղւոյն Առաջին Հայ Երիցական եկեղեցւոյ։
Ճաշկերոյթի հիւրերը իրենք զիրենք գտան աշնանային գոյներով եւ զարդանախշերով զարդարուած եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ։ Ճաշկերոյթի համահովանաւորներ եւ համանախագահներ տոքթ. Ճան եւ ԼինտաՔէյ (Պետրոսեան) Ապտուլեանները սիրով ողջունեցին ներկաները։ National Raisin ընկերութեան նախագահ եւ Աւետարանչականի խորհուրդի անդամ ԼինտաՔէյ Ապտուլեան ծառայեց իբրեւ հանդիսավար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւետարանչականի նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանին եւ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանին իրենց ծառայողական ղեկավարութեան համար։
Վանաձորցի թենոր Միսակ Իսրայէլեան իր յուզիչ մեկնաբանութեամբ կատարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգները, իսկ բացման աղօթքը մատուց եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վեր. Կրէկ Յարութիւնեան։
Յայտագիրի առաջին մասով ներկաներուն ցուցադրուեցաւ տեսահոլովակ մը Արցախի մէջ Աւետարանչականի իրականացուցած ճամբարային գործունէութիւններուն մասին, սկսած 1995էն՝ Ստեփանակերտի մերձակայքը, ապա 2003ի ամրան տեղափոխուած Շուշի։ Տեսանիւթը կը ներկայացնէր Աւետարանչականի ճամբարային ծառայութեան քառորդ դարը Արցախի մէջ, որուն մասնակցած են աւելի քան 800 մանուկներ եւ երիտասարդներ, իւրաքանչիւր ճամբարային շրջանին։ Տեսահոլովակը նուիրուած էր նաեւ Քարլաթային եւ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Էրնէստ Պետրոսեանին, Քեթրինին եւ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Գրիգոր Պետրոսեանին, Քէնէթ եւ Ճէյն Պետրոսեաններուն եւ իրենց մեծ ընտանիքին՝ 2003էն ի վեր Աւետարանչականի Պետրոսեան Ճամբարին իրենց հաւատարիմ հովանաւորութեան համար։ 10 Նոյեմբեր 2020ին, Արցախեան 44 օրուայ պատերազմի աւարտին, Ճամբարը կորսուեցաւ թշնամիի ձեռքերուն մէջ։ Այսուհանդերձ, Խանճեան ըսաւ. «Պետրոսեան Ճամբարը հող կամ շէնք չէ, այլ ոգի է։ Մենք անգամ մը եւս Ճամբար կը կառուցենք»։
Տոքթ. Տարագճեան Պետրոսեան ընտանիքին նուիրեց Ճամբարի իւղանկար մը եւ Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան իւրաքանչիւր Պետրոսեան ընտանիքին նուիրեց 25ամեայ ճամբարային գործունէութեան լուսանկարներու ալպոմ մը։ Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի անդամ Պրայըն Պետրոսեան ընտանիքին կողմէ ելոյթ ունենալով՝ յուզումնալից խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց Պետրոսեան ընտանիքին ընծայուած այս պատիւին համար։
Ընթրիքի դադարէն ետք, թենոր Իսրայէլեան գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց «Ինչ Մեծ Ես Դուն» հոգեւոր երգը՝ անգլերէնով եւ Արցախի նուիրուած երկու երգեր՝ «Կեանք ու Կռիւ» եւ «Պիտի Ապրենք» երգերը՝ հայերէնով։
Միացեալ Նահանգներու մօտ նորանշանակ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Լիլիթ Մակունց ջերմօրէն ողջունեց Աւետարանչականի մատուցած՝ հայրենիքին աւելի լաւ կեանք եւ ապագայի յոյս ներշնչող մարդասիրական օգնութիւնը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Արցախեան 44օրուայ պատերազմէն ետք մենք միայն մէկ տեղ ունինք երթալու՝ դէպի յառաջ»։
Լիլիթ Մակունց Պետրոսեան ընտանիքի անդամները կը ցուցադրեն Շուշիի Պետրոսեան Ճամբարի իւղանկարը
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան ուրախութիւն յայտնեց ճաշկերոյթին իր ներկայութեան համար եւ Ֆրեզնոն որակեց իբրեւ «այն վայրը, ուր մեր հայկական արմատները կը գտնուին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ»։ Հիւպատոսին կ՛ուղեկցէր նաեւ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան։
Ապա ներկայացուեցաւ յատուկ տեսահոլովակ մը՝ «Յաջող Նուաճում՝ Հակառակ Բոլոր Անհաւանականութիւններու» խորագիրով։ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կորսնցուցած էր իր տեսողութիւնը 1995ին՝ ականի մը պայթումին պատճառով։ Ան իր մանկութեան յաճախած էր Աւետարանչականի ճամբարը, ապա շարունակած իր ուսումը Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ, Լոնտոնի մէջ եւ Պոսթընի «ԹաՖթց» համալսարանի «Ֆլեչըր» իրաւաբանական դպրոցին մէջ։ Ան երկու տարի վարած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնը եւ 1 Յունիս 2021ին նշանակուած է Արցախի պետական նախարար։
Արտակ ԲեգլարեանԱրմէն Բայբուրդեան
«Խորհրդանշական է ըլլալ Ֆրեզնոյի մէջ, որովհետեւ անիկա 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք գոյատեւման եւ վերածնունդի խորհրդանիշն է։ Ֆրեզնոյի օրինակը մեզի համար ոգեւորիչ է» ըսաւ Բեգլարեան։ Անդրադառնալով 44օրուան պատերազմէն ետք Արցախի ապագային՝ ան նշեց երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ մարտահրաւէրները։ Երկարաժամկէտ մարտահրաւէրները կը ներառեն. 1) անվտանգութիւն, 2) ժողովրդագրութիւն, 3) տնտեսական զարգացում, 4) ենթակառուցուածք, եւ 5) տարրական կարողութիւններ։ Այս մարտահրաւէրները դիմակայելու համար, Բեգլարեան կոչ ըրաւ՝ բոլոր մակարդակներու մէջ որդեգրելու ինքնավերլուծութեան, միասնականութեան, ռազմավարական մտածողութեան, համբերութեան, յամառութեան եւ ծառայողական վերաբերմունք ունենալու։
Ան եզրափակեց իր խօսքը՝ ըսելով. «Յիսուս զոհաբերեց Իր կեանքը, որպէսզի մեզի հնարաւորութիւն տայ։ Նոյն նպատակին համար իրենց կեանքը զոհաբերեցին արցախցի զինուորները։ Մենք պէտք է այնպէս ապրինք մեր կեանքը, որ իրենց կեանքը ի զուր չ՛ըլլայ»։
Ապա Խանճեան Բեգլարեանին եւ անոր խորհրդատու Դաւիթ Յակոբեանին յանձնեց շարք մը նուէրներ, որոնցմէ մէկն էր՝ «Հաստատակամութիւն – Երբե՛ք Մի Յանձնուիր» կարգախօսը՝ շրջանակի մէջ առնուած։ Խանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալներուն, ինչպէս նաեւ ճաշկերոյթի յանձնախումբին եւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքին՝ իրենց ցուցաբերած ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Ան իր խօսքը եզրափակեց Նազովրեցի Յիսուսի խօսքերով. «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը, ու քարոզեցէ՛ք աւետարանը բոլոր արարածներուն» (Մարկոս. 16. 15)։ Աւետարանչականը կը շարունակէ իր երթը։
Ճաշկերոյթի աւարտին Հայաստանի Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Ալպերթ Փայտեան մատուցեց օրհնութեան աղօթքը, ապա ներկաները Ֆրեզնոյի Հայ Պանդխտաց եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վերապատուելի Ներսէս Պալապանեանի առաջնորդութեամբ՝ յոտնկայս երգեցին «Փառք եւ Պատիւ» փառաբանութեան երգը։
Իբրեւ Քրիստոնէական կազմակերպութիւն՝ Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը համաշխարհային իր այս առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ԱՀԱԸի www.amaa.org կայքը:
(Քաղուած Ֆիլիփ Թավլեանի թղթակցութեան անգլերէն բնագիրէն. Հայացուց՝ Լուիզա Ճանպազեան)