ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Արցախի տագնապին վերաբերող հարցեր:
Միրզոյեան շեշտեց, որ տագնապի համապարփակ եւ մնայուն լուծումը հնարաւոր է միայն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ՝ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:
Անոնք անդրադարձան նաեւ 44օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերուն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անվերապահ ու շուտափոյթ հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Միրզոյեան նշեց, որ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը բարձր կը գնահատեն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած յարձակումի օրերուն եւ յաջորդած շրջանին Ֆրանսայի կառավարութեան եւ խորհրդարանի դիրքորոշումը եւ քայլերը։
Նախարարները քննարկեցին նաեւ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման վերաբերող հարցեր եւ վերահաստատեցին իրենց շահագրգռուածութիւնը` առաւել զարգացնելու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը: Ընդգծուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու ընդլայնման կարեւորութիւնը: