Լինտա Գանտիլեան
Հայ ժողովուրդը՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, միշտ սիրած է իր մշակոյթը եւ անոր տուած իր արժանաւոր տեղն ու արժէքը, յաճախ անոր հանդէպ ունեցած իր սէրը հասցնելով պաշտամունքի. յատկապէս հայրենի հողէն հեռու, Սփիւռքի տարածքին, հայ ժողովուրդը հնարամտութիւնը ունեցաւ մշակոյթը վերածելու ինքնապաշտպանութեան զէնքի, հայապահպանման իւրայատուկ վահանի եւ հայրենիքը փոխարինող անմիջական ասպարի, օգտագործելով զայն ընդդէմ սփիւռքահայուն սպառնացող ձուլումին: Հայ մարդը մշակոյթը տարածելու, գիր գրականութիւնը գործընթացի մէջ դնելու ձեւը գտաւ՝ եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան մէջ եւ այսպիսով բազմացան հայ վարժարաններն ու ճեմարանները Սփիւռքի տարածքին, յաջողութեամբ իրականացնելով իրենց վստահուած ազգապահպան «սուրբ գործը»:
Հաւատալով այս առաքելութեան՝ վերջին երկու տարիներուն, հայկական վարժարաններու ոսկեայ շղթային եկաւ օղակուելու Փասատինայի Պլեր Հայկական ճեմարանը: Անիկա իր դռները լայն բացած է՝ ընդունելու Լոս Անճելըսի բոլոր միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու հայ աշակերտները, զանոնք լուսաւորելու հայ գիր ու գրականութեամբ, լիցքաւորելու ազգային արժէքներով եւ ներշնչելու ազգային ոգիով:
Առ այդ, ճեմարանի աշակերտները, մեծ հանդիսութեամբ տօնեցին Թարգմանչաց տօնը, Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, ճեմարանի ընտանիքին եւ «Համաշխարհային լեզուներ» բաժանմունքի ուսուցիչներուն:
Սրահը շքեղօրէն զարդարուած էր հայ մշակոյթը բնորոշող՝ հայոց ոսկեղնիկ թռչնատառերով, հայկական ուտեստները յատկանշող պտուղներով, լաւաշով ու պանիրով եւ մեր սովորութիւններն ու բարքերը ներկայացնող նմուշներով. մինչ սրահին փայլքը առաւել կը շեշտուէր, հանդիսութեան նշանակութիւնը աւելի ցայտուն կը դառնար աշակերտներու կողմէ պատրաստուած՝ ներկաներուն կուրծքերը զարդարող կրծքանշաններով:
Ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեան հակիրճ եւ երկլեզու ներկայացուց օրուան առիթը՝ Թարգմանչաց տօնը, ապա յայտագիրը ընթացաւ երկու ուսանողներու՝ Ալեքս Մարաշլեանի եւ Քրիստափոր Վանեսեանի անգլերէն եւ հայերէն բացման խօսքերով. անոնք ներկայացուցին Թարգմանչաց տօնը, հայ գիրերու գիւտի կարեւորութիւնը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի առանցքային դերակատարութիւնը բանաւոր արժէքները գրաւորի վերածելու ու զայն յաւերժացնելու նուիրական աշխատանքին մէջ։ Ապա հնչեց՝ անմահ Խաչատուր Աբովեանի՝ հայերէնը պահպանել յորդորող նշանաւոր պատգամը, չորս աշակերտներու՝ Շահան Շահոյեանի, Էտուարտ Գալայճեանի, Քրիստափոր Գալուստեանի եւ Ասատուր Ուրիշեանի ասմունքով. այդ խանդավառութեան ընթացքին էր, երբ «Թող Ծածանի Եռագոյնը» երգի խրախուսիչ երաժշտութեան կշռոյթով ու ելեւէջներով Պլեր հայկական ճեմարանի պարախումբը անբացատրելի ոգեւորութեամբ պարեց՝ գրաւելով հանդիսատեսի ծափերը ու սրահի տրամադրութիւնը հասցուց բարձրագոյնին, բայց տակաւին յայտագիրը կը շարունակուէր բեմադրել աւելին, երբ Արմինէ եւ Նարինէ Դանիէլեան քոյրերը մարմնաւորեցին Գէորգ Էմինի գաղափարները՝ ասմունքելով «Թող Յաւերժ Ապրի Մեր Ժողովուրդը»:
Անակնկալը հանդիսութեան աւարտին էր, երբ պարախումբը Սինդիա եւ Փաթիլ Ալպարեան քոյրերու առաջնորդութեամբ ներկայացուց «Ղափամա» պարային ներկայացումը եւ հայկական սեղանի ճոխութիւնն ու առատութիւնը, անոր ընդմէջէն ներկայացնելով մեր հազարամեայ սովորութիւններն ու բարքերը:
Հանդիսատեսները հիւրասիրուեցան հայկական գաթայով իրենց հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ:
Իսկապէս յաւերժ կ՛ապրի հայ ժողովուրդը, երբ ունի այսպիսի հարազատ զաւակներ, որոնք հայերէնով ասմունքել գիտեն, ապրումով պարել գիտեն եւ գիտեն գործադրել ու շարունակել մեր սովորութիւնները՝ անաղարտ պահելով մեր ազգային եւ եկեղեցական արժէքները:
Ճիշդ այս նպատակով ալ Պլեր Հայկական ճեմարանը իր դռները լայն բացած է ընդունելու հայ աշակերտները: Պլեր Հայկական ճեմարանը ուրախութեամբ կ՛ուզէ նաեւ յայտարարել, որ 6րդէն 12րդ դասարաններու աշակերտներուն համար տրամադրելի է միջազգային «պաքալորիա»ի հեղինակաւոր ծրագիր, որ ընդհանրապէս վերապահուած է բարձր վճարում ունեցող անձնական վարժարաններու աշակերտներուն եւ մեծապէս կը գնահատուի համալսարան ընդունուելու պարագային: Նաեւ կ՛ուզենք յայտարարել, որ այս ծրագիրը կը ներառէ հայերէն՝ լեզու եւ գրականութիւն իր երկու տարբերակներով` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն:
Ապահովեցէք ձեր տեղերը յաջորդ ուսումնական տարեշրջանին համար:
Դիմումնագիրները տրամադրելի են ArmenianAcademy.org կայքին վրայ:
Յաւելեալ հարցումներու համար դիմել Թալին Նազարեանին՝ (626) 396-5820 ext. 80133 թիւով կամ nazarian.taleen@pusd.us հասցէով։