ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճանի 2022ի ռազմական եւ ապահովութեան ծախսերը պիտի հասնին մօտաւորապէս 2․6 միլիառ տոլարի, Չորեքշաբթի օր Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ յայտարարեց երկրի ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆով:
Ըստ նախարարին՝ միայն նոր սպառազինութիւններ գնելու համար յառաջիկայ տարուան ընթացքին երկիրը կը պատրաստուի ծախսել մօտաւորապէս 295 միլիոն ամերիկեան տոլար:
«Ընդհանուր առմամբ, ուժային կառոյցներու համար նախատեսուած միջոցները պիտի կազմեն պետական ընդհանուր ամավարկին 15 տոկոսը», յայտնեց նախարարը` աւելցնելով, որ պետական ծախսերուն առաջնահերթ ուղղութիւններն են՝ «երկրի պաշտպանութեան ամրապնդումը, ազատագրուած տարածքներուն մէջ զօրամասերու կառուցումը եւ պետական սահմանի պաշտպանութիւնը»: