ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի մաքսակէտերուն պատճառով, սահմանային գիւղերուն մէջ շատ դժուար կացութիւն ստեղծուած է, սակայն իշխանութիւնը կը հերքէ այդ իրականութիւնը:
Արդարեւ, Կապան-Ճակատէն ճամբուն փակ ըլլալուն պատճառով, Կապան խոշորացուած համայնքի 6 գիւղեր՝ Ճակատենը, Շիկահողը, Սրաշէնը, Ներքին Հանդը, Ծաւը եւ Շիշկերտը, զրկուած են իրենց հիմնական ուղիէն: Այս գիւղերը հասնելու համար, այս պահուն, նախ Մեղրի պէտք է երթալ, ինչ որ կը նշանակէ, որ եթէ նախապէս կեդրոնէն Կապան առաւելագոյնը 15 վայրկեան կը պահանջէր Ճակատեն երթալու համար, այժմ՝ աւելի քան 3 ժամ, շուրջ 150 քիլոմեթր ճամբայ անցնելու համար:
Նախապէս ալ Ատրպէյճան մաքսակէտեր տեղադրեց Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ՝ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածին մէջ: Այս ճամբուն փակ ըլլալուն պատճառով, փաստօրէն շրջափակման մէջ մնացին Բարձրաւանը, Շուռնուխը եւ Որոտանը: Այս գիւղերը հասնելու այլընտրանքային ճամբաները տակաւին կառուցման ընթացքի մէջ են:
Սակայն, կառավարութեան նիստին ընթացքին, տարածքային կառավարաման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան յայտարարեց, որ շրջափակման մէջ գտնուող գիւղեր չկան: «Չկան, ե՛ւ Որոտանը, ե՛ւ Շուռնուխը, ե՛ւ Բարձրաւանը, բոլորը ճանապարհներ ունեն: Մեր գլխաւոր դժուարութիւնը Ճակատենից հարաւ ընկած գիւղերի հետ են կապուած: Առաջիկայ երկու-երեք օրուայ ընթացքում, երբ որ Գեղանուշ-Ճակատեն հատուածը խճապատենք, աւելի մատչելի կը դառնան», յայտնեց Սանոսեան:
Ըստ անոր՝ ներկայիս փաստօրէն կառուցման մէջ են 7 ճամբաներ. կան նաեւ ուրիշներ, որոնք արդէն շահագործման յանձնուած են, մասնաւորաբար՝ Տաթեւ-Աղուանի ճանապարհը:
Միւս կողմէ, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, կարգ մը գիւղացիներ հաստատեցին, որ Կապան-Ճակատեն ճանապարհին փակ ըլլալուն պատճառով, Ճակատենի եւ յարակից 5 գիւղերուն մէջ կենցաղային բազմաթիւ հարցեր ծագած են, մարդիկ նոյնիսկ իրենց աշխատանքի վայրը հասնելու հարցը ունին:
Ճակատենի միակ խանութը արդէն երկու օր է ի վեր չի բացուիր, որովհետեւ ճամբուն փակ ըլլալուն պատճառով խանութպանը չի կրնար տեղ հասնիլ:
«Մարդը ճանապարհով ա ապրում, էսքան տարի սարքել են ճանապարհը, առանց մտածելու, թէ մի թիզ հողի համար յետոյ ինչ կը լինի: Դա կառավարութեան գործն էր, շատ դժուար ենք մենք սրանից յետոյ ապրելու, որովհետեւ մեծամասնութիւնը կախուած ա գլխաւորներից, թող բանակցեն, թող խօսան, թող ներեն, թող չգիտեմ ինչ անեն՝ ժողովրդին փրկեն», յայտնեց ճակատենցի մը:
Ճակատենին եւ յարակից 5 գիւղերուն հաց ու այլ անհրաժեշտ մթերքներ եւ վառելանիւթ կը մատակարարեն տեղական իշխանութիւնները: