ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կ՛արգիլէ որեւէ ոչ-էական այցելութիւններ կատարել Քարահունջ եւ Դաւիթ Բէկ գիւղերուն միջեւ` M2 մայրուղիով եւ Կապան-Ճակատեն` M17 մայրուղիով:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը՝ յայտնելով. «Կան տեղեկութիւններ այն մասին, որ սաստկացած են ատրպէյճանական մաքսային անցակէտերը М2 ու М17 մայրուղիներուն վրայ»։
Կը նշուի նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է շարունակեն զգոյշ ըլլալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր միջազգային սահմաններուն մօտ եւ խուսափին Արցախի հակամարտութեան գօտիի եւ շփման գիծի մօտակայ վայրերը այցելութիւններէ։