ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան յայտնեց, որ կը քննարկուին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հաւանական հանդիպման առնչութեամբ տարբեր ձեւաչափերով տարբեր առաջարկներ: Ան կը պատասխանէր այն հարցումին, որ արդեօք ճի՞շդ են 26 Նոյեմբերին Սոչիի մէջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հանդիպման մասին շրջան ընող լուրերը: «Տարբեր ձեւաչափերով տարբեր հանդիպումների առաջարկներ քննարկւում են, եւ երբ որեւէ համաձայնութիւն ձեռք բերուի ժամկէտների, տեղի եւ ֆորմատների (ձեւաձափերու) մասով, մենք նախօրօք խելամիտ ժամկէտներում կը տեղեկացնենք», յայտնեց Յունանեան:
Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են 15 Դեկտեմբերին հանդիպում ունենալ Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ծիրին մէջ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 22 Նոյեմբերին, հաստատելով պրիւքսէլեան հանդիպման լուրը՝ յայտարարեց, թէ Պաքուի դիրքորոշումը` ղարաբաղեան հակամարտութենէն ետք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ, բազմաթիւ անգամներ ներկայացուած է, նաեւ՝ միջազգային հարթակներու վրայ:
Մինչ այդ, 22 Նոյեմբերին, Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, որ երկրորդն է նախորդ եւ այս շաբթուան ընթացքին, քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անոր կայունացման վերաբերող քայլերը՝ Արցախի վերաբերեալ եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու կատարման պարունակին մէջ:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ՝ աշխոյժ միջնորդական ջանքերուն համար։
Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ նաեւ Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին հետ՝ քննարկելով «ՀԱՊԿի մէջ խնդրայարոյց հարցերը», ինչպէս կը հաղորդէ պաշտօնական Մինսքը:
Փաշինեան տեղեկացուց հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին եւ անոր զարգացման հնարաւոր ուղիներուն մասին:
Փաշինեան եւ Լուքաշենքօ տեղեկատուութիւն փոխանակեցին՝ իրենց երկիրներուն եւ տարածաշրջաններուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ: