ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան Թելեթոնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ նոր ձեւաչափով: Հայաստանի մէջ անիկա պիտի հեռարձակուի 25 Նոյեմբերին, տեղական ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6ին, Հանրային պատկերասփիւռի եթերով եւ պիտի տեւէ շուրջ 3 ժամ, որուն ընթացքին հիմնադրամի խումբը պիտի ներկայացնէ 2020-21 թուականներուն իրականացուած լայնածաւալ ծրագիրները՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս մասին յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:
«Հաւատարիմ մնալով աւանդոյթներին` 24րդ Հեռուստամարաթոնը կ՛անցկացուի նաեւ Լոս Անջելեսում, տեղական ժամանակով 16:00ին (կէսօրէն ետք ժամը 4ին): Լիայոյս ենք, որ կը կարողանաք միանալ մեզ եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս են հիմնադրամի շնորհիւ բարելաւուել մեր հազարաւոր հայրենակիցների կեանքերը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Հայկակ Արշամեան Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին անունով նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւրին ներդրած ջանքերուն եւ հայրենիքին ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար: «Արցախում եւ Հայաստանում իրականացուել են ռազմավարական նշանակութեան մեծածաւալ ծրագրեր, ինչը հնարաւոր է դարձել միայն ձեր` մեր աշխարհասփիւռ աջակիցների ջանքերի եւ հայրենիքի հանդէպ անմնացորդ նուիրումի շնորհիւ», յայտնեց ան։