ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ մեղադրանք ուղղուեցաւ՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 311րդ յօդուածի 2րդ մասի 2րդ կէտով` պաշտօնատար անձի կողմէ մեծ քանակութեամբ կաշառք ստանալու յատկանիշներով: Այս մասին «Փաստինֆօ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեցին «Հայաստանի Հակակոռուպցիոն կոմիտէ»էն:
Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց՝ ընտրուեցաւ չհեռանալու վերաբերեալ ստորագրութիւնը: