ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նոյեմբեր 23ին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հետ:
Թաթոյեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին, կեդրոնանալով յատկապէս Հայաստանի սահամններէն ներս ատրպէյճանական նորագոյն ոտնձգութիւններուն վրայ։
Ան բացատրեց, թէ Պաքու սաստկացուցած է հակահայ իր արշաւը եւ Գեղարքունիքի ու Սիւնիքնի սահմաններէն ներս ռազմական քայլերուն կողքին, կը մղէ քարոզչական աշխոյժ պայքար մը, ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, սպառնալով շրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան։
Թաթոյեան շեշտեց, թէ այս հարցերուն մասին քաղաքական գործիչներու ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու կողքին, կարեւոր է նաեւ Պաքուի կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնահարումներուն եւ միջազգային օրէնքներու խախտումներուն մասին իրականութիւնները հասցնել ՄԱԿի եւ Եւրոպական Միութեան նման միջազգային կազմակերպութիւններու։
Ան բացատրեց, թէ Պաքուի հակահայ արշաւը չի սահմանափակուիր Արցախի եւ Հայաստանի դէմ գործունէութեամբ, այլ նաեւ իր գլուխը կը ցցէ աշխարհի տարածքին, յիշեցնելով Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ազգային Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական վարժարանին վրայ անցեալ տարի տեղի ունեցած յարձակումները։
Թաթոյեան կարեւոր համարեց այս բոլորին մէջ Սփիւռքի ունեցած դերը եւ կատարելիք աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ յատկապէս անոր Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղին, որ կը շարունակէ ջատագովել մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան վերաբերող հարցերը։
Յիշեցնենք, որ Թաթոյեան Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով եւ ստացաւ անոր «Մարդկային Իրաւանց Ախոյեան» մրցանակը։
Թաթոյեան նաեւ դրուատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու եւ համայն հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու աշխատանքին մէջ Սփիւռքի կենսական դերակատարութիւնը։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ողջունեց Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպանին տարած աշխատանքը՝ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ անոր եւ յատկապէս յոյժ կարեւոր համարեց հայութեան դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն մասին տեղեկութիւններ տարածելու գծով Թաթոյեանի տարած աշխատանքը։
Կեդրոնական կոմիտէն խոստացաւ իր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու միջոցաւ օժանդակել Թաթաոյեանի գրասենեակին, յատկապէս հայութեան համար ճակատագրական այս օրերուն։
Թաթոյենանի հետ հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ անդամներ Սագօ Պէրպէրեան, Վահան Պզտիկեան, Լեւոն Կիրակոսեան ու Ալիք Ուրֆալեան, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններուն մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան: