ԱՆԹԻՒԼԻԱՍ.- Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) 11րդ ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ, ԵՀԽի Միջազգային գործունէութեան յանձնաժողովը (Commission of International Affairs), գործակցաբար ԵՀԽի Հոգեւոր կեանքին (Spiritual Life)՝ կազմակերպեց շարք մը առցանց լսարաններ՝ նշելու համար 75ամեակը ԵՀԽի միջազգային հարցերով զբաղող յանձնաժողովին, Ուրբաթ, 19 Նոյեմբերին:
Կազմակերպուած առցանց լսարանները իբրեւ կեդրոնական նիւթ առած էին աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ, յատկապէս՝ Ամերիկայի, Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի, Գանատայի եւ Միջին Արեւելքի, բնիկ ժողովուրդներու դէմ գործուած բռնութիւնները, սպաննութիւնները եւ ջարդերը ու յատկապէս գաղութարարութեան ժամանակահատուածէն ետք տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնները եւ ներկայիս շարունակուող, պարտադիր տեղափոխութիւնները ու կրօնափոխութիւնները, հողերու եւ ջուրերու վարակումները, բնիկ աղջիկներու ու տղոց անհետացումները եւ իրաւունքներու ջատագովներու սպաննութիւնները:
Միջին Արեւելքի նուիրուած առցանց լսարանին կեդրոնական նիւթն էր՝ ինչպէ՞ս ճանաչնալ այս ողբերգութիւնները եւ ոգեկոչել յիշատակը զոհուածներուն. ինչպէ՞ս արժեւորել վերապրողներու հերոսութիւնները եւ անոնց դիմակայելու ոյժը, ճկունութիւնը՝ ապրելու եւ գոյատեւելու. ինչպէ՞ս վերապրողները կը յարգեն եւ կը պատուեն իրենց նահատակները. ի՞նչ միջոցներ կ՛օգտագործեն մոռացութենէ փրկելու եւ յաւերժացնելու յիշատակը իրենց նահատակներուն ու պայքարելու ժխտողականութեան դէմ:
Իբրեւ եկեղեցիներու տիեզերական կոչում (Ecumenical Calling), ԵՀԽը կը հրաւիրէ աշխարհի բոլոր եկեղեցիները յանձնառու դառնալու եւ հաւաքաբար պայքարելու խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը կործանող սպառնալիքներուն դէմ: Այս նպատակով կազմակերպուած առցանց լսարանին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելիքի մէջ ցեղասպանութեան եւ հալածանքներու ենթարկուած ժողովուրդներէն ներկայացուցիչներ՝ արտայատուելու իրենց փորձառութիւններուն եւ ազգային դիրքորոշումներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց վարած քաղաքականութեան եւ օգտագործած միջոցներուն՝ զոհուածները մոռացութենէ փրկելու եւ անոնց յիշատակը յարգելու:
Առցանց լսարանի մասնակցողները ներկայացուց ԵՀԽի Միջազգային փանձանաժողովի (International Affairs) բաժանմունքի պատասխանտու Ասֆաու Սէմէնկիշ Կրոժան եւ «Հոգեւոր Կեանք» բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Մայք Ռոպըրթց:
Լսարանը վարեց եւ բացման ու փակման խօսքերը արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական ժողովի անդամ եւ ԵՀԽի Առաքելութիւն Դէպի Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն ծրագիրին մէջ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Սեդա Խտըշեան:
Առցանց լսարանին հանդէս եկաւ Ժընեւի մէջ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ եւ ԵՀԽի Կեդրոնական վարչութեան անդամ փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան: Փրոֆ. Սիմոնեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անոր յիշողութիւնը պահելու հայ ժողովուրդի ճիգերը՝ կեդրոնանալով այս ծիրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխոյժ գործունէութեան եւ յատկապէս Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի կալուածներու պահանջին գծով տարուած աշխատանքներուն եւ Թուրքիոյ դէմ բացուած իրաւական դատական հայցին վրայ:
Յայտնենք, որ յաջորդաբար զեկոյցներ ներկայացուցին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապս, Սապրի Աթման եւ Իրանքի քիւրտերու շրջանի ներկայացուցիչ դոկտ. Քարամանժ Օսման: