Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– «Արցախի Հոգեւոր-պատմական Յուշարձանները», քարտէս, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչութիւն, Ս. Էջմիածին, 2021 (յուշարձանները՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի, Արցախի Հանրապետութեան եւ ներկայիս գրաւեալ տարածքներու տարբերակուած գոյներով շրջաններուն մէջ), հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն առանձին տարբերակներ:
– Դանիէլեան Ժիրայր, «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի – «Լիբանանահայ գիրքը…» (յաւելուած)», խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 102, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2021, 212 էջ (17 x 24 սմ.) (յաւելեալ ուղղումներ եւ լրացումներ Անդրանիկ Տագէսեանի ու Արմէն Իւրնէշլեանի կազմած եւ 2013ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած «Լիբանանահայ Գիրքը 1894-2012 – Մատենագիտական Ցանկ» հատորին):
– Խեչօ Մովսէս եւ Պետրոսեան Էսթեր (կազմողներ), «Ցուցակ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանի Արաբերէն Քրիստոնէական Ձեռագրերի», խմբագիրներ՝ Անի Ժ. Աւետիսեան եւ Միհրան Մինասեան, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի հիմնարկ-Մատենադարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 184 էջ + 8 էջ գունաւոր ներդիր (16,5 x 23,5 սմ.) (գիտական ընդարձակ նկարագրութիւնը Մատենադարանի արաբատառ ձեռագիրներու հաւաքածուի քրիստոնէական բովանդակութեամբ, ԺԷ.-ԺԹ. դարերու 58 ձեռագիրներու՝ Աւետարաններ, աղօթագիրքեր, մտորումներ աստուածաբանական նիւթերու շուրջ, հրաշագործութիւններու պատումներ, բարոյա-խրատական աշխատութիւններ)։ Հրատարակուած է Մատենադարանի գիտական խորհուրդին որոշումով՝ «Ճէյ. Թի. Այ. Արմինիա» ընկերութեան աջակցութեամբ։
– Հրաչեան Հրայր եւ Գրիգորեան Արա, «Կենսագրական Բառարան – Երէկուան Եւ Այսօրուան Հայերը», յառաջաբանը՝ Վենսան Տիւքլերի, վերջաբանները՝ Միշել Մարիանի եւ Ամատունի Վիրաբեանի, Kirk Publishing, Մեզոն Ալֆոր (Փարիզ), 2021, 700 էջ (16 x 24 սմ.) (3200 կենսագրութիւն, գունաւոր լուսանկարներ), ֆրանսերէն:
– Ղազարեան Գրիգոր Աւագի, «Յուշեր Եւ Խոհեր Հայ Ժողովրդի Պանծալի Հերոս Անդրանիկի Մասին», «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 48 էջ (14,5 x 20 սմ.) (Զօրավար Անդրանիկի անձնական քարտուղարի յուշերը եւ խոհերը 1918-1919 թուականներու անցուդարձերուն մասին, զօրավարին, հեղինակին ու անոր գրամեքենագրուած յուշերու էջերու լուսանկարներ):
– «Մոսկուայի Եւ Կարսի Պայմանագիրներու Ստորագրութեան 100ամեակը Եւ Զանոնք Չեղարկելու Խնդիրները», խմբագիր՝ Մաքսիմ Ալեքսանտրովիչ Վասքով, Մոսկուա-Երեւան, «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան տպարան (Երեւան), 2021, 768 էջ (17,2 x 24,6 սմ.) (5 հայ եւ 2 ռուս հեղինակներու յօդուածներ, էջ 661-766-ը՝ 14 յաւելուածներ), ռուսերէն: Տպագրուած է ռուսահայ գործարար Լեւոն Մարկոսի նիւթական աջակցութեամբ:
– Մսըրլեան Զաւէն, «Հայկական Հարցի Եւ Ցեղասպանութեան Մասին Ուսումնասիրութիւններ Եւ Փաստաթուղթեր», Պէյրութ, 2021, 111 էջ (հեղինակին՝ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի եւ «Հասկ» ամսագիրին մէջ լոյս տեսած 6 յօդուած-ուսումնասիրութիւնները տուեալ նիւթերուն մասին), անգլերէն: Հատորին մեկենասն է Ռաֆֆի Մանուկեան:
– Յակոբեան Վերա, «Մշոյ Բուլանըք Գաւառի Հայաբնակ Գիւղերն Ըստ Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսին Ուղղուած Նամակների», Ա. գիրք, խմբագիր՝ Յակոբ Մուրատեան, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի հիմնարկ-Մատենադարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021: Հրատարակուած է Մատենադարանի գիտական խորհուրդին որոշումով: Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Հայ օգնութեան ֆոնտի տրամադրած դրամաշնորհով, ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող հիմնադրամին աջակցութեամբ: Հատորը նուիրուած է Մկրտիչ Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի յիշատակին՝ ծննդեան 200ամեակին առթիւ:
– Չիֆթճեան Գրիգոր արք., «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում – Բ. հատոր՝ Ղարադաղ», Դաւրէժ (Թաւրիզ), 2021, 620 էջ (Ատրպատականի վեց գաւառակներու հայկական 82 երբեմնի գիւղերու պատմութեան եւ կենսագործունէութեան տարբեր կողմերու մասին համապարփակ ուսումնասիրութիւններ եւ ականատեսի վկայութիւններ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, լուսանկարներ): Դիմել՝ arajnordaran.tavriz@gmail.com:
– Ռուբէն, «Յուշեր – Հայաստանի Անկախութեան Մարտահրաւէրը (1919-1920)», հայերէնէ թարգմանեց Վայք Տէր Մինասեան, յառաջաբանը՝ Թալին Տէր Մինասեանի, Thaddée հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2021 (Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» շարքի 7րդ հատորի 3րդ մասը, խմբապետ Մուշեղ Աւետիսեանի եւ Անահիտ Տէր Մինասեանի վկայութիւնները Ռուբէնի մասին, Ռուբէնի 1935ի մէկ գրութիւնը ՀՅԴի մասին, Ռոպէր Իլպերթի վերջաբանը: Յուշերը կեդրոնացած են Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը թրքազերծելու Ռուբէնի քայլերուն վրայ ու կը հասնին մինչեւ 1920ի Ապրիլ ամիսը միայն), ֆրանսերէն:
– Սարգսեան Սուրէն, «Միհրան Տամատեանի Հրապարակախօսութիւնը», խմբագիր՝ Ալպերթ Խառատեան, «Տիր» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 350 էջ (յաւելուած՝ Տամատեանի շուրջ 50 հրապարակագրական յօդուածներով, լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, հեղինակին կենսագրութիւնը Դ. կողքին վրայ): Հրատարակութեան երաշխաւորած է «Գլաձոր» համալսարանի գիտական խորհուրդը:
– «Փոթորիկ Կովկասի Մէջ», խմբագիրներ՝ Ռուսլան Նիքոլաեւիչ Փուխով եւ Քոնսթանդին Վլատիմիրովիչ Մաքիենքօ, հրատարակիչ՝ Ռազմավարութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու վերլուծութեան կեդրոն, Մոսկուա, 2021, 128 էջ (հայ-թրքական 2020ի աշնանային պատերազմի պատճառներուն, պատերազմի ընթացքին եւ անոր հետեւանքներուն մասին 3 հայ եւ 9 ռուս հեղինակներու գրութիւններ՝ ռազմական, ռազմավարական եւ քաղաքական կտրուածքներով), ռուսերէն: