Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբերին, հինգ հոգիներէ բաղկացած կրօնական պատուիրակութեան մը հետ, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքը: Արամ Ա. կաթողիկոսը իր կողքին ունենալով Շահան եւ Նարեկ սրբազանները, եղբայրական սիրով ընդունեց հոգեւոր տէրը:
Առաւել քան ժամ մը տեւած մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ հայ ժողովուրդը, Հայաստանը եւ Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Անոնք շեշտեցին եկեղեցիներու գործակցութիւնը ամրապնդելու, մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրացնելու եւ միասնաբար մեր ազգը եւ հայրենիքը տագնապեցնող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
