ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճանի ներքին զօրքերու երկու զինուորններ վիրաւորուեցան Արցախի՝ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Պաքուի գրաւումին տակ անցած Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ ականի մը պայթումի պատճառով, յայտարարեց Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարը։ Ան նշեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է Շուքուրպէյլի գիւղին մէջ։
Միւս կողմէ, նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանագրով Էմին Հուսէյնով նշանակուեցաւ «Ղարաբաղի տնտեսական շրջաններու» (բացառութեամբ Շուշի քաղաքի) նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ: Ցարդ յստակ չէ, թէ ան ինչ գործունէութիւն պիտի իրականացնէ: Մինչ այդ ան Աղտամի շրջանին մէջ Ալիեւի յատուկ ներկայացուցիչն էր: