Ճատրակի հայազգի գերվարպետ Լեւոն Արոնեան պաշտօնապէս սկսաւ ներկայացնել Միացեալ Նահանգները: Ան այս «փոխանցում»ին մտադրութեան մասին յայտարարութիւն կատարած էր անցեալ Փետրուարին, անբաւարար նկատելով Հայաստանի կառավարութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը։
Արդարեւ, Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՏԷի, պաշտօնական կայքին վրայ Լեւոն Արոնեան ներկայացուած է՝ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ:
Լեւոն Արոնեան, որ ծնած է 1982ին, Երեւանի մէջ, Հայաստանի համար ապահոված է բազմաթիւ տիտղոսներ, ըլլա՛ն անոնք անհատական թէ խմբային:
Նշենք, որ միջազգային նորագոյն դասաւորման մէջ, Արոնեան երկու դիրքի նահանջ մը արձանագրելով՝ այժմ կը գրաւէ 6րդ դիրքը (2772):
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն առաջին հարիւրին մէջ են Գաբրիէլ Սարգսեան (54րդ, 2681) եւ Հրանդ Մելքումեան (99րդ, 2649):
Իսկ ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան կը գրաւէ 49րդ դիրքը (2684):