ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն Չորեքշանթի առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նախագահ Աունի Քաթար այցելութեան, իսկ վարչապետ Միքաթիի Վատիկան այցելութեան արդիւնքներուն:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի բաւարարուեցաւ ըսելով. «Կառավարութիւնը ընթացքի մէջ է, սակայն նախարարաց խորհուրդը՝ ոչ»:
Միւս կողմէ, Լիբանանի անկախութեան 78ամեակին առիթով, Աուն ստացաւ շարք մը շնորհաւորագիրներ ներառեալ՝ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանէն։