
Խոր կսկիծով իմացանք Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանակակիր ընկհ․ Վանուհի Իսաջանեանի մահուան գոյժը։
Դժուար ժամանակներու սրտակից գործակիցի մը անվերադարձ կորուստի կսկիծը մեզ կը տանի տասնամեակներ ետ, ՀՕՄի եւ մեր հայրենիքի ճակատագրական այն օրերուն, երբ արցունքն ու ժպիտը անպակաս էին մեր յեղաշրջուած կեանքէն ներս։ Երկրաշարժի եւ անկախութեան, մահու եւ վերածնունդի, պատերազմի եւ աւերածութեան, յաղթանակի ու վերաշինութեան օրեր է որ կ՛ապրէինք, եւ հոն էր միշտ ընկհ.Վանուհին, անխոնջ ՀՕՄականը, հայրենանուէր հայուհին։
Երկրաշարժի արհաւիրքին յաջորդող տարիներուն`1992-1998ը, իբրեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի, ընկհ. Վանուհին մղիչ ուժը
հանդիսացաւ ՀՕՄին յղացումով իրականացուած Սփիւռք-Հայաստան խորհրդաժողովներու շարքին։ Նոյնպէս, Ընկհ․ Վանուհիի ատենապետութեան օրերուն է որ ՀՕՄը ծրագրեց եւ իրականացուց Սօսէ Մայրիկի աճիւններուն փոխադրութիւնը Մայր Հայրենիք։
Հարիւրտասնըմէկ տարիներու վաստակ ունեցող մեր կազմակերպութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումին, շնորհիւ ընկհ. Վանուհիի նման անձնուէր եւ հայրենասէր ՀՕՄուհիներու, որոնք հաւատարիմ մնալով ՀՕՄի առաքելութեան եւ պահելով իրենց յարատեւելու կամքը պիտի շարունակեն թիկունք կանգնիլ ազգօգուտ բոլո՛ր ձեռնարկներու, ամէնուրեք։
Հաւատա՛ ընկհ. Վանուհի, որ հաւատարիմ կը մնանք մեր ժողովուրդին ծառայելու կոչումին եւ նուիրուած` մեր ժողովուրդը ինքնաբաւ դարձնելու սուրբ գործին: Այսօր, անգամ մը եւս կ՛ամրապնդենք մեր ուխտը, անսակա՛րկ նուիրումով եւ կրկնապատկուա՛ծ թափով շարունակելու մեր աշխատանքը, որպէսզի կարենանք Ճակատաբաց դիմագրաւել մեզի վիճակուած այնքա՛ն ծաւալուն ու կենսական աշխատանքները։
Այսօր չկայ այլեւս մեր սիրելի ընկերուհին, սակայն, արցունքի ու խնդութեան պատմական օրերու մթնոլորտի մէջ իրականացած աշխատանքները լաւագոյնս կը հիմնաւորեն ու կը լուսաւորեն մեր ներկայ ու ապագայ նկրտումներու ճանապարհը։ Հանգի՛ստ իր, եւ իր նման անհամար նուիրեալներու ոսկորներուն՝ որոնց անմեռ յիշատակը կը ջրդեղէ մեր կամքն ու կորովը՝ շարունակելու իրենց Սուրբ Գործը։
Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ՀՕՄի իր հարազատ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴի, Գանատայի Հայոց թեմի եւ Համազգայինի, ՀՄԸՄի սգակիր անդամներուն եւ բոլոր հոգեհարազատներուն։
Խունկ ու աղօթք իր անմար յիշատակին։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ