ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի զինուորական ծառայողները սկսան Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի տարածքին մէջ մաքրութեան եւ ականազերծման աշխատանքներուն:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ամէն օր, Մարտակերտի շրջանին մէջ սահմանազատման գիծի մօտակայքը Ռուսիոյ խաղաղապահները աշխատանք կը տանին չպայթած զինամթերքի, արկերու, փամփուշտներու եւ ականներու որոնման ուղղութեամբ:
Մարդասիրական ականազերծման ստորաբաժանման զինուորական ծառայողները կը կատարեն բնակավայրերու եւ գիւղատնտեսական հանդակներու եւ ընտանի կենդանիներու արօտավայրերու համար նախատեսուած յարակից տարածքներու մաքրութեան աշխատանքներ:
23 Նոյեմբեր 2020էն ի վեր, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարագէտ-սակրաւորներու կողմէ չպայթած զինամթերքէ մաքրուած են 2,322,1 հեկտար տարածք, 683 քիլոմեթր ճանապարհ, 1937 շէնքեր, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած են 26,078 պայթուցիկ իրեր: