ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 10 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «3+2» խորհրդատուական շրջանային հարթակի առաջին հանդիպումը՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ա. Ռուտենքոյի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ա. Խալաֆովի, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վ. Գէորգեանի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ս. Էօնալի, ինչպէս նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ա. Հակիկիանի մասնակցութեամբ։ Վրաստանի ներկայացուցիչները, որոնք նոյնպէս հրաւիրուած էին, ձեռնպահ մնացին հանդիպումին մասնակցելէ։ Լուրը հաղորդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Հայաստանը ներկայացնող արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեան վերահաստատեց հայկական կողմին դիրքորոշումը, որ տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի օրակարգը միտի տարածաշրջանային համագործակցութեան փոխշահաւէտ եւ փոխընկալելի օրակարգի ձեւաւորման` զերծ մնալով միջազգային այլ հարթակներու, որոնց կարգին հակամարտութիւններու կարգաւորման կարգավիճակ ունեցող ձեւաչափերու գործունէութեան կրկնութենէն:
Քննարկուեցան շրջանային բազմակողմ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Համաձայնութիւն գոյացաւ հարթակի աշխատանքը կեդրոնացնել բոլոր մասնակիցները հետաքրքրող գործնական հարցերու վրայ` վստահութեան բարձրացում, առեւտուրի, տնտեսական, փոխադրամիջոցային, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութիւն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ դիմակայելու քայլեր։
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` հինգ երկիրներու ներկայացուցիչները փափաք յայտնեցին, որ Վրաստան եւս միանայ իրենց, առ այդ, անոնք նշեցին, որ Վրաստանի համար «դուռը» բաց կը մնայ։
Համապատասխան նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու հնարաւոր ներգրաւումով` քննարկուեցան հետագայ քայլերը եւ աշխատանքային ծրագիրները։
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպանատան, հաղորդեց, որ Իրանի ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի ձեւաչափին, որովհետեւ անիկա կը տեղաւորուի Իրանի քաղաքականութեան ծիրին մէջ, եւ, վստահ է, որ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ հարցերը, մարտահրաւէրները եւ հակասութիւնները անհրաժեշտ է լուծել շրջանային պետութիւններու ջանքերով։
Աս երկայն լուրը կարդացողը կուզէ որ բան մը հասկնայ, բայց բան մը չհասկնար: Բարեր, բարեր, բառեր: Մէջը ոչ իմաստ կայ, ոչ իմաստութիւն: Երկու անգամ կարդացի եւ բնտրեցի, որ գոնէմ Արցախի մասին բան մը ըսվի. չէ՞ որ աս ֆորմուլան մէջտեղ եկաւ ատ պատերազմէն ետքը. ամմէնը հիմա Արցախը մորցեր են, մէջը ըլլալով մեր Հայաստանը, ըսելս անի է որ Նիկոլին Հայաստանը մորցեր է. լաւ կարդաս նէ, կը հասկնաս, որ ամմէնուն խելքը միտքը «վստահութեան բարձրացում, առեւտուրի, տնտեսական, փոխադրամիջոցային, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութիւն» եւ ասանկ բաներու վրան է: Գերիներն ալ, նահատակներն ալ, ահաբեկիչներն ալ մորցված է, Արցախէն եւ Հայաստանէն գրավված տեղերն ալ մորցված է: Ուրիշ կետ մըն ալ կայ: Ինչո՞ւ Վրաստանը կրնայ կոր որոշել որ իր գործին չեկածին չի մասնակցիր,հապա Հայաստանը իրեն համար միան վնաս բերող այս ժողովին կը մասնացի: Բաղինեանին հարցնէս նե պիտի ըսէ. դուք պարզ մարդիկներ էք, խելքերնիդ չի հասնիր, ասի բարձր բոլիդիքա է: